«Յունաստանի Որոշումը` Օրէնքով Պատժել Ցեղասպանութիւնը Ժխտողները, Ողջունելի Է» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան


Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի ընդունումը ողջունելի է, յայտարարեց ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, «Փաստարկ» մամլոյ ակումբին մէջ  երէկ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին: Ան աւելցուց. «Յատկապէս այս մթնոլորտին մէջ, երբ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ ընթացքի մէջ է Փերինչեքի դէմ Զուիցերիոյ հակընդդէմ հայցը, նման օրինագիծի կայացումը շատ հաճելի է, բայց պէտք է հետեւիլ այս ամիսներուն Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ սպասուող իրադարձութիւններուն, որովհետեւ այդ օրէնքը, հիմնականին մէջ, ունի Զուիցերիոյ օրէնքին նոյն մօտեցումը, որ մարդկային իրաւունքներու միջազգային դատարանը  առայժմ յայտարարած է խօսքի ազատութեան կաշկանդում: Այդ վճիռը բողոքարկուած է եւ կը նախատեսուի, որ պիտի քննարկուի»:

Ըստ Մանոյեանի, կարեւոր է, որ Մարդկային  իրաւունքներու եւրոպական դատարանին կողմէ  ընդունուելիք որոշումը ատելութեան տարածման դէմ արգելքները չնկատէ խօսքի ազատութեան կաշկանդում:

«Զուիցերիոյ եւ Յունաստանի օրէնքները չեն վերաբերիր միայն Հայոց ցեղասպանութեան հարցին, որովհետեւ օրէնքներուն մէջ կ՛ըսուի, որ մարդկութեան դէմ այն ոճիրները, որոնք ընդունուած են դատարաններու կողմէ կամ, օրինակ, Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ, անոնց ժխտումը դատապարտելի է», նշեց ան:

Կիրօ Մանոյեան այս օրինագիծին ընդունումը կը նկատէ հայ համայնքի եւ յոյն հանրութեան կարգ մը շրջանակներու գործունէութեան արդիւնք` միաժամանակ շեշտելով, որ գոյութիւն ունին Յունաստանի եւ Ազրպէյճանի սերտացող յարաբերութիւններ:

Ըստ Կիրօ Մանոյեանի, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի այցելութիւնը Թուրքիա եւ նորընտիր նախագահ Էրտողանին փոխանցուած հրաւէրը Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւնները վերակենդանացնելու մասին ակնարկ կը պարունակեն, թէեւ այդ մասին չէ հրապարակուած, եւ ատիկա է պատճառներէն մէկը, որ նախարարին այցելութիւնը իրենց համար ողջունելի չէր:

Ան յիշեցուց, որ այսօր թէեւ այդ արձանագրութիւնները քաղաքականապէս «մահացած են», սակայն իրաւականօրէն տակաւին գոյութիւն ունին, ինչ որ անընդունելի է:

Ըստ Մանոյեանի, արձանագրութիւնները  իրաւականօրէն վերացնելու ամէնէն դիւրին եղանակը զանոնք ետ կանչելն է, աւելի՛ն` մեր առջեւ ցեղասպանութեան 100-ամեակն է` 2015 թուականը:

Անդրադառնալով Սարգսեան-Ալիեւ վերջին հանդիպումին եւ սպասուողին` Մանոյեան կարեւոր նկատեց միջնորդ պետութիւններու դերը: «Այդ հանդիպումներէն կ՛երեւի, որ միջնորդ պետութիւնները կը փորձեն ամէն ինչ ընել, որպէսզի պատերազմի հաւանականութիւնը նուազագոյնի հասնի», ըսաւ ան:

Ըստ Կիրօ Մանոյեանի, Ազրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մէջ ունի  երկու նպատակ. «Առաջինը` բանակցութիւնները դուրս բերել ԵԱՀԿ-ի ծիրէն, որովհետեւ եթէ Մինսքի խմբակը ուղղակի բանակցութիւններու վրայ թէկուզ դրական տեղաշարժ չէ ապահոված, սակայն մէկ բան ապահոված է. միջնորդ պետութիւնները հասկցած են, որ Ղարաբաղի հարցը չի կրնար լուծուիլ Ղարաբաղը Ազրպէյճանին վերադարձնելով»:

Ազրպէյճանի երկրորդ նպատակը, ըստ Կիրօ Մանոյեանի, հարցը լուծել է ոչ թէ փաթեթային համաձայնութեամբ, այլ հանգրուանային լուծումով: Սակայն Մանոյեան նկատել տուաւ, որ ոչ մէկ համաձայնութիւն կայ, եթէ բոլոր կէտերուն շուրջ չկայ համաձայնութիւն:

Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումին` Մանոյեան ըսաւ, որ վերջին հանդիպումը Միացեալ Նահանգներու շահագրգռուածութեան արդիւնքն էր: Սակայն, ըստ Մանոյեանի, բանակցութիւնները յառաջ չեն շարժիր, որովհետեւ Ազրպէյճան իր կեցուածքը չի փոխեր: «Միջնորդ երկիրները ամէն ինչ կը փորձեն ընել, որպէսզի պատերազմի հաւանականութիւնը նուազի», աւելցուց ան:

Ինչ կը վերաբերի ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու հողային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու վերաբերեալ յայտարարութեան, Կիրօ Մանոյեան ըսաւ. «Հայաստանի նախագահը ոչինչ ստորագրած է, անդամ պետութիւնները ստորագրած են, եւ Հայաստան չէր ալ կրնար անդամ երկիրներու պետութիւններու յայտարարութեան տակ ստորագրել, որովհետեւ անդամ երկիր չէ»:

Կիրօ Մանոյեան նշեց, թէ նոր չէ, որ ՕԹԱՆ կը խօսի նախկին Խորհրդային Միութեան շարք մը երկիրներու հողային ամբողջականութեան մասին, նաեւ աւելցուց, որ նոյն յայտարարութեամբ կոչ կ՛ուղղուի, որ Կովկասի մէջ գոյութիւն ունեցող տագնապները լուծուին նշուած սկզբունքներուն հիման վրայ:

Ըստ անոր, այդ յայտարարութիւնը ՕԹԱՆ-ի կողմէ պաշտպանութեան յանձնառութիւն էր եւ ոչ թէ այն մասին է, որ տագնապները պէտք է լուծուին միայն այդ սկզբունքին հիման վրայ: «Անշուշտ լաւ կ՛ըլլար, որ ազգերու ինքնորոշման սկզբունքը եւս նշուէր, սակայն միւս տագնապներու լուծման համար ազգերու ինքնորոշման սկզբունքը ճշդուած չէ», ընդգծեց Մանոյեան:

Կիրօ Մանոյեանի համաձայն, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն կողմէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն առաջարկած հանդիպումները քաղաքական ճնշում են կողմերուն վրայ` ղարաբաղեան հարցով բանակցութիւնները մեռեալ կէտէն շարժելու համար:

Կիրօ Մանոյեան չի խորհիր, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին համանախագահները լուծման նոր ծրար կը ներկայացնեն:

«Եթէ այդպէս ըլլար, Ազրպէյճան աւելի գործուն քայլերու կը ձեռնարկէր: Պաքուի բոլոր ջանքերը ուղղուած են անոր, որ բանակցութիւնները դուրս բերուին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափէն, որովհետեւ այդ խմբակին շնորհիւ միջնորդները հասկցան, որ տագնապը չի կրնար լուծուիլ Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի կազմին վերադարձնելով»,  նշեց Կիրօ Մանոյեան` ընդգծելով, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ բանակցութիւնները շարունակելու պարագային Ազրպէյճան կը փորձէ հասնիլ աւելի մեծ համաձայնութեան, այսինքն ընել այնպէս, որ լուծումը չըլլայ փաթեթային համաձայնագիր, ինչպէս նախատեսուած է մատրիտեան սկզբունքներով: «Ռուսիոյ մէջ եռակողմ հանդիպումէն  ետք զինադադարի խախտման դէպքերը նուազած են, եւ ասիկա կը վկայէ, որ այդ հանդիպումները դերակատարութիւն ունին նաեւ այդ իմաստով», շեշտեց Մանոյեան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.