Թուրքիոյ Մօտեցումները Կը Խոչընդոտեն Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններու Կարգաւորումը. Քոչարեան


ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան, պատասխանելով «Առաջին Լրատուական»ի մէկ հարցումին՝ յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ մօտեցումները կը շարունակեն խոչընդոտ հանդիսանալ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման դիմաց:
Քոչարեան անդրադարձած է վերջերս Թուրքիոյ նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլուի կատարած յայտարարութեան, որով ան Հայաստանը մեղադրած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու չկարգաւորման հարցով եւ անգամ մը եւս պնդած է, թէ հայկական կողմը նոյնիսկ պատասխան չէ տուած 2005ի Թուրքիոյ վարչապետի նամակին:
«Չէի ցանկանայ հաւատալ, որ Թուրքիայի արտգործնախարարութեան արխիւում չի պահպանուել դեռեւս 2005ի Ապրիլի 25ին՝ Թուրքիայի վարչապետի նամակը ստանալուց մի քանի օր անց, հայկական կողմի տուած եւ հրապարակած պատասխանը: Թուրքիան հետեւողականօրէն տանում է Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման քաղաքական գիծը եւ շարունակաբար ապարդիւն փորձեր է կատարում՝ խեղաթիւրելու եւ ժխտելու պատմական փաստերը», ըսած է Քոչարեան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.