Տերսիմ. Ճակատագրակից ժողովուրդ, հայկական շերտեր


1938-ին Տերսիմի մէջ թրքական բանակին կողմէ գերեվարուած տերսիմցի երեխաներ եւ կիներ

1960-ական թուականներուն տերսիմահայերը կը կարծէին, թէ իրենք Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած աշխարհի երեսին ապրող միակ հայերն են։ Այդ մտայնութիւնը հիմնաւոր պատճառ ունէր։ Հարցն այն է, որ թուրքերը Տերսիմը կտրած էին արտաքին աշխարհէն: Տեղեկատուութեան անհասանելիութիւնն ու վերահսկողութիւնը թուրքերու կողմէ ըմբոստ Տերսիմը ճնշուած վիճակի մէջ պահելու եւ ենթարկեցնելու նպատակ կը հետապնդէր։ 

Թրքական իշխանութիւնները պարբերաբար իսլամութիւնը պարտադրած են ու կը պարտադրեն տերսիմցիներուն։ Տերսիմը ամէն առտու կ՚արթնայ իմամի ձայնէն, որ բոլորին մզկիթներ կը կանչէ նամազ կատարելու։ Սակայն տերսիմցիները անհաղորդ են այդ հրաւէրին. ոմանք միայն առերես, սեփական կեանքը չվտանգելու համար կ՚ընդունին սիւննի դաւանանքը, իսկ իրականութեան մէջ ալեւի եղած են ու ալեւի ալ կը մնան։ Այդ փաստը կը զայրացնէ թուրքերը։ Ինչքան ալ թուրքերը ջանան Եւրոպայի աչքին փոշի ցանել, թէ իբրեւ թէ կը յարգեն իրենց երկրին մէջ ապրող այլ ազգերու հաւատքը, սակայն ազգայնամոլներու ձեռքով կը հալածեն այլադաւանները՝ իրենց ձեւակերպմամբ՝ հաւատուրացները։ 

Ալեւիները, ի տարբերութիւն թուրքերու, կը խոստովանին, որ Տերսիմը իրենց հայրենիքը չէ, որ իրենք պարսկական ծագումով ժողովուրդ են ու Տերսիմ, պատմական Հայաստան եկած են 10-11 դարերուն։ Տերսիմի մէջ հայկական հնագոյն կոթողներ ուեկեղեցիներ կան. ալեւիները մզկիթները ձգած՝ այդ աւերակ եկեղեցիներուն մէջ մոմ կը վառեն ու կ՚աղօթեն։ Անոնք կը մերժեն թրքական ամէն ինչ՝ ըլլայ կրօն, լեզու…

Ալեւիական կրօնքը բազմաստուածութեան, բնապաշտութեան նման է. ալեւիները ծառի, արեւի, ջուրի պաշտամունք ունին։ Անոնց սուրբ գետը Մնձուրն է, որուն կ՚անուանեն Անահիտի ջուրեր, հայոց հեթանոս Անահիտ չաստուածուհիի անունով։ Տերսիմցիները չեն արտօներ լուացուելէ եւ ջուր խմելէ բացի, ըսենք լողաք այդ գետին մէջ։ Մնձուրի գետին մէջ անոնք կ՚երդուին, կը մկրտուին, ամուսնութեան ու բարեկամութեան ուխտ կ՚ընեն։ 

1915-ին թուրքերը Տերսիմի մէջ ցեղասպանութիւն չեն գործած։ Անոնք Տերսիմը ձգած են հետագային համար։ Տերսիմի մէջ ապրող զազաներն ու քիւրտերը չեն մասնակցած հայկական կոտորածներուն։ Աւելին, իրենք ալ շուտով եաթաղանի բաժին դարձած են։

Թուրքերը Տերսիմին կ՚ըսեն Թունջելի. «թունջ»-ը այն գործողութիւնն է, որ թուրքերը ձեռնարկած են Տերսիմի մէջ ցեղասպանութիւն գործելու համար։ Աթաթուրքի ցեղասպանական վերջին գործողութիւնը իրագործուած է այստեղ 1938-ին։ Այդ ոճրագործութիւնը տերսիմցիները չեն մոռցած ու ներքին ընդվզումով անընդհատ կը յիշեն այդ մասին։ Մինչեւ իսկ տօնական հանդիսութիւններու ժամանակ կարելի է տեսնել երիտասարդներու ձեռքերուն պաստառներ «Տերսիմ-1938» վերտառութեամբ։ Թուրքերը լաւ գիտեն, որ այդ ցեղասպանութիւնը տակաւին չէ մարսուած, ատոր համար ալ առաւօտէն երեկոյ Տերսիմի վրայ կը հսկեն ուղղաթիռներով ու զինուորներով: Մշտական հալածանքներն ու վերահսկողութիւնը տերսիմցիներուն կը ստիպեն արտագաղթի դիմել։ Միայն արտագաղթածները կը յայտնեն, որ իրենք ալեւի են, ոչ թէ սիւննի մահմետականներ։ Պոլիսի մէջ ու Թուրքիոյ միւս քաղաքներուն մէջ ազատ արտայայտուելու հնարաւորութիւն որոշ չափով կայ, իսկ Տերսիմի մէջ բացարձակ ոչ։

Ամէն տարուան Յուլիս-Օգոստոսին, Տերսիմի մէջ տեղի կ՚ունենայ «Մունզուր» (Մնձուր) մշակութային ու բնապահպանական փառատօնը։ Անիկա պատեհ առիթ է, որպէսզի Թուրքիոյ միւս բնակավայրերէն ու Եւրոպայէն գոնէ ժամանակաւորապէս հայրենիք վերադառնան տերսիմցիները։ Ազգային երգ, պար, խօսք, խոհանոց. «Մունզուր»-ը իր հարկի տակ կը հաւաքէ տերսիմցիները, կը հիւրընկալէ նաեւ այլ ազգերու երաժշտական խումբերը։

«Կարին» աւանդական երգի, պարի խումբը այս տարի երկրորդ անգամ մասնակցած է «Մունզուր» փառատօնին։ Տերսիմ մեկնելուն աջակցած է «Մոտուս Վիվենտի» կեդրոնը։ Նման ճամբորդութիւնները մշակութային համագործակցութիւն ստեղծելէ բացի, նպատակ ունին Տերսիմի մէջ թաքուն հայեր յայտնաբերել։ Առաւել համարձակ տերսիմահայերը կը խոստովանին իրենց հայկական ծագումն ու մինչեւ իսկ ցանկութիւն կը յայտնեն, որպէս հայ քրիստոնեայ մկրտուիլ։ Անցեալ տարի, օրինակ, տերսիմցի մը եկած է Հայաստան ու հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ մկրտուած։ Տերսիմցիները հայ հիւրերու ականջին գաղտնի կը փսփսան.«Եթէ Տերսիմի մէջ ըլլայ մէկը, որ ըսէ, թէ ինք հայկական ծագում չունի, ուրեմն ան ստախօս է»։ Սակայն հազիւ շրջապատին մէջ թուրքեր յայտնուին, անոնք կը յայտարարեն, որ մահմետական են, կը խօսին թրքերէն ու կը յայտնեն թէ թրքահպատակ են։ Ինչքան ալ ըմբոստ ու սեփական պատմութեան արիւնոտ էջերու նկատմամբ ցասումով լեցուած ըլլան, այնուամենայնիւ, տերսիմցիները ներքին կայուն վախ ունին թուրքերու նկատմամբ, որ արեան հետ կը հոսի երակներուն մէջ ու սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի։

Քաղաքագէտներու կարծիքով՝ մեր երկիրը պէտք է Տերսիմի հետ բարիդրացիական յարաբերութիւններ հաստատէ ու պահպանէ։ Ի դէմս տերսիմցիներու՝ մենք ուննք համախոհներ թրքական իշխանութիւններու ծայրայեղ իսլամական քաղաքականութիւնը մերժողներ։ 
Վերջին տարիներուն Հայաստանի ու Տերսիմի միջեւ սկիզբ առած յարաբերութիւններն աշխուժանալու միտում ունին։ Ոչ ոք գիտէ Տերսիմի մէջ քանի հայ կ՚ապրի։ Էթնիկ, կրօնական, պատմական, մշակութային զարգացումներն ու հասարակական շերտերն ուսումնասիրուած, բացայայտուած չեն, ուստի դժուար է ըսել, թէ տերսիմահայերու ազգային ու մշակութային նկարագրէն ինչ մնացած է։ Տերսիմէն վերադարձողները կը վստահեցնեն, որ տերսիմահայերու երգերու եւ պարերու մէջ հայկական շերտեր կան։ Ապրելով այլ ազգերու հետ ժամանակի ընթացքին կենցաղի, մշակոյթի ու աւանդութիւններու փոխանակում տեղի ունեցած է։ Սակայն ինչպէս տերսիմահայ մամիկները շապիկի տակ գաղտնի կը պահեն-կը պահպանեն մետաղէ խաչը, այնպէս ալ հայկական ծագումն ու մշակոյթը ծպտուած կ՚ապրի Տերսիմի լեռներուն, ձորերուն վրայ, աւերակ եկեղեցիներուն ու պատմութեան հեռաւոր թուականներուն մէջ։

ՆԱՅԻՐԵԱՆ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.