Հայ Սեւ Գօտիներու Միութեան 40-Ամեակի Տօնակատարութիւն Արցախի Մէջ


Հայ սեւ գօտիներու միութիւնը արդէն իսկ բոլորած է իր հիմնադրութեան 40-ամեակը: Միութիւնը սկիզբ առած է Լիբանանէն, անկէ ետք տարածուած Յունաստանի, Ֆրանսայի, Սուրիոյ, Քանատայի, Միացեալ Նահանգներու, ապա` Հայաստանի ու Արցախի մէջ:

Միութեան 40-ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Արցախի մէջ, 2 սեպտեմբեր 2014-ին: Այս առիթով Արցախ ժամանած էին միութեան մարզիչները, բարերարներն ու հիւրերը` Լիբանանէն, Սուրիայէն, Կիպրոսէն, Ֆրանսայէն եւ Հայաստանէն:

Առաւօտեան, միութեան 100 մարզիկները` միութեան հիմնադիր Կարօ Քեպապճեանի եւ Արցախ ժամանած միութեան հիւրերուն եւ բարերարներուն ընկերակցութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահական պալատէն ուղղուեցան դէպի գերեզմանատուն, ուր ծաղկեպսակ մը զետեղուեցաւ Արցախի ազատագրութեան համար զոհուած նահատակներու յիշատակին: Ապա միութեան Ստեփանակերտի վերանորոգուած կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ մարզական նախաձեռնութիւն, որուն աւարտին առաջարկուեցաւ եւ որոշուեցաւ կրկին Արցախ գործուղել միութեան առաջին մարզիչները` Յարութ Ադամեան եւ Յարութ Պէրպէրեանը, մարզուող աշակերտներուն թիւը 5000-ի բարձրացնելու հեռանկարով եւ առաջադրանքով:

Յետմիջօրէին, Շուշիի «Շուշի կրանտ հոթէլ»-ին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւն` ներկայութեամբ Արցախի վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանի, պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեանի, մարմնակրթութեան նախարար Ռազմիկ Յովսէփեանի եւ Շուշիի մարզպետին:

Միութեան հանրային կապի պատասխանատու Աբրահամ Գասպարեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին ու ներկայացուց միութեան պատմութիւնն ու անոր զարգացման հանգրուանները: Ապա ցուցադրուեցաւ միութեան գործունէութիւնը արտացոլացնող տեսերիզ մը: Խօսք առաւ վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան, որ նշեց, թէ Կարօ Քեպապճեան ո՛չ միայն մարզած է հայ երիտասարդները, այլ նաեւ մաս կազմած Արցախի անկախութեան բոլոր հանգրուաններուն ու իր ներդրումը ունեցած է բոլոր բնագաւառներուն մէջ` ռազմական, դաստիարակչական, տնտեսական եւ մշակութային: Ան շնորհաւորութիւններ փոխանցեց միութեան 40-ամեակին առիթով` մաղթելով յաւելեալ 40 տարիներու աշխատանք` յուսալով, որ Կարօ Քեպապճեան շարունակէ առաջնորդել իր հիմնած միութիւնը: Ան իր խօսքի աւարտին մասթըր Կարօ Քեպապճեանը պարգեւատրեց վարչապետի ոսկի մետալով: Մարմնակրթութեան նախարար Ռազմիկ Յովսէփեան նոյնպէս յատուկ մետալով պարգեւատրեց մասթըր Կարօ Քեպապճեանը: Ապա ընթերցուեցաւ այս առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառին շնորհաւորական նամակը:

 

 

Աւարտին խօսք առաւ միութեան հիմնադիր մասթըր Կարօ Քեպապճեան: Ան նշեց, որ միութեան 40-ամեակի տօնակատարութեան ընթացքը սկսած է Արցախէն, որովհետեւ ինք նախընտրած է ըլլալ իր ազգին, իր ժողովուրդին, իր արեան հետ: Ան նշեց, որ Հայ դատը անքակտելիօրէն առնչուած է Արցախի ու անոր միջազգային ճանաչման հետ: Ան կոչ ուղղեց` այս հանգրուանին Հայաստանի եւ սփիւռքի միասնական ուժերով աշխատանք տանելու Հայոց ցեղասպանութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման համար: Մասթըր Քեպապճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի Հայ արուեստագէտներու միութեան, «Նոազ արք»-ին եւ «Հաւասարութիւն 15» համախմբումին, որոնք նեցուկ կանգնած են իրենց ու քաջալերած են Հայ սեւ գօտիներու միութեան Արցախի մասնաճիւղի աշխատանքները: Ապա ան վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ ոսկէ մետալներով եւ յատուկ նուէրներով պարգեւատրեց անցեալ շաբաթներուն Չինաստանի մէջ քոնկ ֆու-ուու շուի աշխարհի ախոյեանութեան տիրացած Հայ սեւ գօտիներու միութեան երկու մարզիկները, իսկ արծաթէ մետալներով պարգեւատրեց երկրորդ դիրքի տիրացած մարզիկները: Իսկ միութեան 40 տարուան գործունէութեան իրենց ներդրումը ընծայած մարզիչները, մարզիկներն ու պատասխանատուները, վարչապետին եւ պետական հիւրերուն կողքին, պարգեւատրուեցան 40-ամեակի մետալներով:

Աւարտին հատուեցաւ 40-ամեակի կարկանդակը եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն-խրախճանք:

4 սեպտեմբեր 2014-ին Երեւանի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նախարարութեան մէջ ընդունեց Հայ սեւ գօտիներու միութեան հիմնադիրը, մարզիչները, բարերարներ եւ հիւրեր: Հրանուշ Յակոբեան խօսք առնելով նշեց. «Անգնահատելի է Կարօ Քեպապճեանի ներդրումը սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան, հայի ոգին բարձր պահելու, քաջարի, անկոտրում սերունդ կրթելու գործով: Քառասուն տարի շարունակ այս ակադեմիայի մարզիկները կրցած է մրցանակներ շահիլ ու յաղթել: Հայ սեւ գօտիներու միութեան ակադեմիան հայեցի դաստիարակութեան, հայակերտման մեծ ճամբար է», հաստատեց Հրանուշ Յակոբեան: Ապա ան Կարօ Քեպապճեանը պարգեւատրեց նախարարութեան ոսկի մետալով: Կարօ Քեպապճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, սփիւռքի նախարարին` շեշտելով միակամ ըլլալու անհրաժեշտութիւնը, Հայաստանի եւ Արցախի բարգաւաճման համար: «Շնորհակալ եմ նաեւ Հայաստանի նախագահին, որ մեզի կ՛աջակցի տակաւին պաշտպանութեան նախարար եղած օրերէն: Մեր յոյսը մենք ենք, ոչ ոք կրնայ մեզի յաղթել: Մենք պէտք է ուժեղ ըլլանք ու միասնաբար անպայման պիտի յաղթենք», հաստատեց ան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.