ԼՂՀ Ազգային Վիճակախաղի Տոմսերը Կը Վաճառուին Նաեւ Առցանց


Լեռնային Ղարաբաղի ազգային վիճակախաղի տնօրէն Ալեքսանդր Արզումանեան նշած է, որ ասկէ ետք փափաքողները կրնան Լեռնային Ղարաբաղի ազգային վիճակախաղի տոմսեր գնել նաեւ առցանց՝ այցելելով ազգային վիճակախաղի պաշտօնական կայքը՝ nkrlottery.am։
Անոր համաձայն՝ ցարդ վաճառքի դրուած 300 հազար տոմսէն վաճառուած է 130 հազարը՝ հիմնականին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի, Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Իրանի մէջ։ Ան դիտել տուած է, որ տոմսերու առցանց վաճառքը կարելիութիւն պիտի տայ աւելի մեծ թիւով տոմսեր վաճառել Սփիւռքի մէջ:
Յիշեցնենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի ազգային վիճակախաղի տոմսերու վաճառքէն գոյացած գումարը, ինչպէս անցած տարի, այս տարի եւս պիտի յատկացուի Լեռնային Ղարաբաղի Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր համայնքին մէջ վերաբնակեցման նպատակով բնակելի տուներ կառուցելու աշխատանքին: Այնտեղ արդէն իսկ կառուցուած են 10 բնակելի տուներ, իսկ 10 բնակելի տան շինարարութիւնը արդէն սկսած է: Կը նախատեսուի ընհանուր առմամբ 37 բնակելի տուն կառուցել:
Ալեքսանդր Արզումանեանի համաձայն՝ եթէ կարելի ըլլայ այնտեղ պիտի կառուցուին ոչ թէ 37 բնակելի տուներ, այլ նաեւ շատ աւելի:
Այսօր արդէն ցուցակագրուած են աւելի քան 100 ընտանիքներ, որոնք կը փափաքին վերաբնակիլ Իշխանաձոր համայնքին մէջ:
Յիշեցնենք, որ խաղարկութեամբ վիճակախաղի տոմսերէն բացի կան նաեւ ոչ խաղարկութեամբ տոմսեր եւ SMS վիճակախաղ: Ոչ խաղարկութեամբ տոմսերը կը վաճառուին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի մէջ եւ շահումը կը կազմէ մինչեւ 50 հազար դրամ: SMS-ի ճամբով վիճակախաղը առայժմ կարելի է խաղալ միայն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, եւ անով կարելի է շահիլ iPhone եւ iPad, կայ նաեւ յաւելեալ խաղարկութիւն, որ կարելիութիւն պիտի տայ շահելու մինչեւ 500 հազար դրամ:
Ազգային վիճակախաղին շահողները պիտի տիրանան բնակարաններու եւ գորգերու: Գիւղանտնտեսութեան աջակցելու նպատակով այս տարի իբրեւ նուէր պիտի դրուի նաեւ տակառով թութի օղի:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.