Յունաստանի Խորհրդարանը Վաւերացուց Ցեղասպանութեան Ուրացումը Քրէականացնող Օրինագիծը


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յունաստանի խորհրդարանին մէջ ցեղասպանութեանց, ներառեալ Հայկական Ցեղասպանութեան, ուրացումը քրէականացնող օրինագիծի քուէարկութիւնը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9ին։
Օրինագիծին ի նպաստ քուէարկեցին 54 երեսփոխաններ, իսկ 42 ուրիշներ՝ դէմ։ Ձեռնպահ մնացին 3 երեսփոխաններ:
Յունաստան կը հանդիսանայ Եւրոմիութեան անդամ երրորդ պետութիւնը՝ Զուիցերիայէն եւ Սլովաքիայէն ետք, որ կը քրէականացնէ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը:
«Այլատեացութեան դէմ պայքար» անունը կրող օրինագիծը կը պահանջէ Յունաստանի տարածքին քրէական պատասխանատուութեան ենթարկել ոչ միայն հրեաներու, այլ նաեւ հայերու եւ Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեանց ժխտումը:
Վեց կէտէ բաղկացած օրէնքի նախագիծը նիւթական տուգանք եւ բանտարկութիւն կը սահմանէ անոնց դէմ, որոնք դիտաւորեալ կերպով կը ստորացնեն, կը նուաստացնեն եւ կը ժխտեն միջազգային դատարաններու եւ Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ ճանչցուած ցեղասպանութիւններն ու մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւնները:
Մէկ շաբաթէ ի վեր Յունաստանի խորհրդարանը կը քննէր «Այլատեացութեան դէմ պայքար» օրինագիծի վերամշակուած տարբերակը, որուն մէջ աւելցուած էր Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը եւս պատժելու պայմանը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.