«Ձայներ Անցեալէն՝ Հայ Յեղափոխականներու Գրութիւններէն Հատուածներ», Հեղինակ՝ Վահէ Հապեշեան


 

2014-ի ամրան, Պոսթընի «Հայրենիք» հրատարակչատան կողմէ լոյս ընծայուեցաւ «Ձայներ Անցեալէն՝ Հայ Յեղափոխականներու Գրութիւններէն Հատուածներ» անգլերէն հատորը, որուն հեղինակն է Վահէ ՀապԷշեան:

Այս գիրքին մէջ ներառուած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) առնչուած պետական գործիչներու, մտաւորականներու, հրամանատարներու, յեղափոխականներու եւ հայդուկներու կենսագրականներն ու գրութիւնները կ՚արտացոլացնեն 1890-ական թուականներէն մինչեւ 1940-ական թուականներ երկարող ՀՅԴ պատմութիւնը։ Այդ գրութիւնները ոչ միայն տեսակէտներ կը պարունակեն, այլ նաեւ աւելի ընդգրկուն գաղափարներ, գաղափարախօսութիւններ, եւ սուղ գինով ձեռք բերուած կեանքի դասեր, որոնք գօտեպնդեցին եւ առաջնորդեցին կեանքերը կուսակցական անհատներուն՝ ՀՅԴ-ի ընդհանուր աշխարհահայեացքով։

Գրքին մէջ ներկայացուած Դաշնակցական նուիրեալներու շարքին են՝ Քրիստափոր Միքայէլեան, Ռոստոմ, Սիմոն Զաւարեան, Արամ Մանուկեան, Ռուբէն, Մարօ, Գարեգին Նժդեհ, Սիամանթօ, Սողոմոն Թեհլիրեան, Դրօ եւ ուրիշներ…

Հեղինակը յառաջաբանի իր խօսքին մէջ կը վկայէ, որ գրքի ողնասիւնը կը կազմեն 1990-1991 թուականներուն The Armenian Weekly Շաբաթաթերթին մէջ լոյս տեսած Դաշնակցական հայդուկներու եւ մտաւորականներու թարգմնաուած կենսագրութիւններու իր յօդուածները: Ան նաեւ կը հաստատէ, որ նման յօդուածաշարքով հրապարակագրական բեմին վրայ հանդէս գալու դրդապատճառը՝ այդ օրերուն եռեւեփող Ղարաբաղեան շարժումն էր: 

170 էջերու մէջ հեղինակը յաջողած է ներկայացնել Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դարբնոցի 37 յեղափոխական մարտիկներ, կուսակցական գործիչներ եւ մտաւորականներ: Նման դժուար առաքելութիւն իրագործելու համար հեղինակը ստիպուած եղած է սեղմ գիծերու մէջ առաւելագոյն չափով խտացնել իւրաքանչիւր յեղափոխական առաքեալի կենսագրութիւնը:

Վահէ ՀապԷշեան եղած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւելեան Ամերիկայի պաշտօնաթերթ The Armenian Weekly շաբաթաթերթի օգնական խմբագիր, ապա՝ գլխաւոր խմբագիր։ Համալսարանական մասնագիտութիւնը՝ միջին արեւելեան լեզուներն ու մշակոյթներն են։ Ներկայիս ան MarketingProfs.com-ի ընկերութեան հրատարակութեանց բաժանմունքի տնօրէնն է։

Voices From the Past: Excerpts from Writings of Armenian RevolutionariesBy Vahe Habeshian Paperback – April 22, 2014


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.