ՆԱԹՕ Կ՛աջակցի Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Տարածքային Ամբողջականութեան


ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիրն Այսօր».- «ՆԱԹՕի անդամ երկիրները հաւատարիմ կը մնան Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Մոլտովայի տարածքային ամբողջականութեան, անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան աջակցելու գործին», ըսուած է Կալեսի մէջ տեղի ունեցած ՆԱԹՕի գագաթնաժողովի հռչակագիրին մէջ, զոր ստորագրած է նաեւ Հայաստանը:
Հոն նաեւ նշուած է, որ ՆԱԹՕի անդամ պետութիւնները կ՛աջակցին տարածաշրջանի, ներառեալ՝ Հարաւային Կովկասի հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման, ՄԱԿի եւ Հելսինքեան եզրափակիչ ուխտին հիմքերով:
113 կէտնոց փաստաթուղթին մէջ նաեւ գրուած է, որ ՆԱԹՕի անդամ պետութիւնները կը շարունակեն գործընկեր պետութիւններուն աջակցիլ, որպէսզի արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովական հարցերու մէջ անոնք անկախ եւ ինքնուրոյն, ճնշումներէ եւ սպառնալիքէ զերծ որոշումներ կայացնեն:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեան, «Երկիրն Այսօր»ի հետ զրոյցին ընթացքին ըսած է, որ այս հռչակագիրին վերաբերեալ մեկնաբանութիւններ չունի:
Յիշեցնենք, որ Հայաստան չէր ստորագրած 2012ին՝ Շիքակոյի մէջ, իսկ 2010ին Լիզպոնի մէջ կայացած ՆԱԹՕի գերաստիճաններու հռչակագիրը՝ բողոքելով, թէ անոնց մէջ ամրագրուած էին նոյն դրոյթները:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.