Ատրպէյճանի ծանուցումը մերժելու կոչ՝ «Աթլեթիքօ Մատրիտ»ին


ՄԱՏՐԻՏ.- Մարդկային իրաւանց պաշտպան Հելսինքիի հիմնարկը կոչ ըրած է սպանական «Աթլեթիքօ Մատրիտ» ֆութպոլի ակումբին, որ իր մարզիկներու շապիկներուն վրայէն վերցնէ Ատրպէյճանի ծանուցումը, որուն համար Պաքու յատկանշական գումար կը տրամադրէ։
Հիմնարկը կը շեշտէ, թէ ակումբը պէտք չէ գործակցի Պաքուի մենատիրական իշխանութեանց հետ, որոնք կը շարունակեն մարդկային իրաւանց պաշտպաններ, այլախոհներ, մտաւորականներ եւ լրագրողներ հալածել։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.