Կռփամարտ. Դաւիթ Սաֆարեան` Աշխարհի Ախոյեան Հանդիսացող Թեկնածուներուն Շարքին
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ Թաշքենտի մէջ տեղի ունենալիք ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան սկիզբին ընդամէնը մէկ շաբաթ մնացած է:
Մասնագէտներու եւ համակիրներու շրջանակին մէջ ներկայիս կը կատարուին բուռն քննարկումներ եւ զանազան տեսակի կանխատեսումներ:
Այդ իմաստով առանձնակի կերպով մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն ազատ ոճի ըմբշամարտի 65 քկ դասակարգին մէջ աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին թեկնածուներուն վերաբերեալ կանխատեսումները:
Wrestday.ru կայքին մէջ կը նշուի աշխարհի գործող ախոյեան Դաւիթ Սաֆարեանի անունը:
Նշենք, որ ներկայիս ՖԻԼԱ-ի ընդհանուր դասաւորման մէջ Դաւիթ Սաֆարեան կը գրաւէ 4-րդ դիրքը:
Յայտնենք նաեւ, որ 2013-ին աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած Դաւիթ Սաֆարեան վնասուածքի պատճառով, որոշ դադարէ մը ետք սկսաւ իր մարզումներուն:
Նախորդ յունիսին Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած կրան փրիի մրցաշարքին ան գրաւեց 2-րդ դիրքը, իսկ նախորդ մայիսին Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքին բաւարարուեցաւ 3-րդ դիրքով: