Յունաստանի խորհրդարանը Սեպտեմբեր 5-ին քուէարկութեան պիտի դնէ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծը
1000
0
Սեպտեմբեր 5-ին Յունաստանի խորհրդարանը պիտի քննարկէ Հայկական Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի նախագիծը:
Թրքական «Սոն տաքիքա» լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ օրենքը մշակուած է Յունաստանի արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ: Նախագիծը վաւերացուելու պարագային, Յունաստանի մէջ ասորիներու, Պոնտոսի յոյներու եւ հայերու ցեղասպանութիւնը ժխտողները բանտարկութեան պիտի դատապարտուին:
Խորհրդարանի 101 անդամներէն 51-ին թեր քուէարկելու պարագային օրէնքի նախագիծը կ՚ընդունուի:
Յունաստանի խորհրդարանը 1996 թուականին ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: