Պաքու Մտահոգ Է Արցախի Մէջ Եզիտիներ Բնակեցնելու Հաւանականութեամբ


ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տարածքին եզիտիներ բնակեցնելու հաւանականութեամբ. այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլման Ապտուլլայեւ։
Ան նշած է, որ Ատրպէյճան ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին կոչ ուղղած է՝ «խիստ դիրքորոշում որդեգրելու» Արցախի մէջ եզիտիներու բնակեցման առնչութեամբ։ Ըստ Ապտուլլայեւի՝ այդպիսի գործողութիւններ միայն կը վնասեն հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած բանակցային հոլովոյթին։
Նշենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան, դատապարտելով Իրաքի մէջ եզիտի համայնքին նկատմամբ գործադրուող գործողութիւնները՝ ըսած էր, որ Արցախ պատրաստ է ընդունելու եւ ապաստան տալու եզիտիներուն։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.