Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Հռչակումը Եւ Ազատ, Անկախ Ու Միացեալ Հայաստանի Իրականացման Ուղին


2 Սեպտեմբեր 1991-ը պատմական նշանակութեամբ բախտորոշ դարձակէտ մը խորհրդանշող թուական դարձաւ հայոց պատմութեան մէջ:

Արցախի քաջարի հայութիւնը, իր կողքին ու թիկունքին ունենալով ամբողջ հայ ժողովուրդը, Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքի հեռաւոր ափերը, ազգային-ազատագրական պայքարի սխրալի իր խոյանքը յաղթական աւարտի տանելով` 2 սեպտեմբեր 1991-ին հռչակեց իր անկախութիւնը` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հիմը դնելով:

Հայոց նորագոյն պատմութեան թաւալգլոր անկումներու անիւը շրջուեցաւ արցախահայութեան  յանդուգն այդ քայլով, որ վերջ տուաւ Արցախի տասնամեակներու գերեվարման եւ սրբագրեց Ստալինի բռնակալ ձեռքով ու «օրհնութեամբ» 1921-1923 թուականներուն հայ ժողովուրդին դէմ գործուած աղաղակող անարդարութիւնը:

Ծայր աստիճան դժուար պայմաններու մէջ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակումը եւ ծանրագոյն հարուածներու դիմակալման գնով մեր ժողովուրդը, Արցախի մէջ ու ամբողջ Հայաստանի տարածքին, կրցաւ իրագործել ազրպէյճանեան լուծէն ազատագրուելու իր որոշումը` ապրելու եւ բարգաւաճելու ընդունակ անկախ պետականութիւն մը կեանքի կոչելով:

Աշխարհաքաղաքական ծայր աստիճան պայթուցիկ վերիվայրումներ կանխեցին 2 սեպտեմբեր 1991-ի Արցախի անկախութեան հռչակումը: Թէեւ Խորհրդային Միութիւնը տակաւին գոյութիւն ունէր, բայց 19 օգոստոս 1991-ին տեղի ունեցած էր Եանայեւի գլխաւորած պետական յեղաշրջման փորձը` Կորպաչեւեան իշխանութեան դէմ: Մահամերձ Խորհրդային Կոմկուսի վերջին գալարումը եղաւ եանայեւեան խմբակին իրագործած պետական բռնաշրջումի այդ փորձը, որուն նպատակն էր ձախողութեան մատնել 22 օգոստոս 1991-ին նախատեսուած Միութենական Նոր պայմանագրի ստորագրութիւնը Խորհրդային Միութեան մականին տակ առնուած ժողովուրդներուն եւ պետութեանց միջեւ:

Եանայեւեան պետական բռնաշրջումը սանձուեցաւ ու ձախողութեան դատապարտուեցաւ Ելցինի ղեկավարութեան տակ համախմբուած ռուս ազատական հոսանքի հակահարուածին շնորհիւ: Թէեւ այդ պայմաններուն մէջ ջնջուեցաւ 22 օգոստոս 1922-ին նախատեսուած Միութենական նոր պայմանագրի ստորագրութիւնը: Այսուհանդերձ, ազատականներու յաղթանակով ձեռնարկուեցաւ նոր պայմանագրի մը պատրաստութեան, որ քանի մը ամիս ետք` դեկտեմբեր 1991-ին հիմք պիտի ծառայէր Խորհրդային Միութեան պաշտօնական ու վերջնական լուծարումին:

Համախորհրդային զարգացումներու այս շրջագիծին մէջ Արցախի հարցը թեւակոխեց նոր փուլ: 30 օգոստոս 1991-ին Խորհրդային Ազրպէյճանի Գերագոյն խորհուրդը միակողմանիօրէն որդեգրեց «Խորհրդային Ազրպէյճանի ազգային անկախութեան վերականգնումի հռչակագիր»-ը, որ Պաքուի իշխանութեանց աչքին «օրինական ճամբան» պիտի բանար Արցախի հայութեան հետ իր ձեռնարկած ռազմական «հաշուեյարդար»-ի վերջին արարին` Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի բռնագրաւումին եւ ազրպէյճանական լուծի ամբողջական պարտադրումին առջեւ` ի հարկին արցախահայութեան ֆիզիքական բնաջնջումով կամ տեղահանութեամբ:

Բայց 1988-ի փետրուարեան իր զարթօնքէն սկսեալ Արցախի հայութիւնը, իր կողքին եւ թիկունքին ունենալով ամբողջ հայ ժողովուրդը, ի Հայաստան թէ ի սփիւռս աշխարհի, ամէն կարգի հարուածի դէմ կուրծք ցցելով, յանուն ազգային ազատագրութեան իր զաւակներու քրտինքէն ու արիւնէն ահաւոր գին վճարելով` այլեւս այրած էր ետդարձի բոլոր կամուրջները:

Միակ ընտրանքը Ազատութիւն կամ Մահ` Հայրենիք կամ Մահ դրօշով անվեհեր կռուի ուղին էր:

Եւ Խորհրդային Ազրպէյճանի 30 օգոստոս 1991-ի «անկախութեան վերականգնման հռչակագրին», աւելի ճիշդ` Արցախի հայութիւնը վերջնական հաշուեյարդարի ենթարկելու յայտարարութեան, հայկակա՛ն պատասխանը եղաւ արմատական ու վերջնական: Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի ժողովրդային պատգամաւորներու Մարզային Խորհուրդը, Շահումեանի շրջանի ժողովրդային պատգամաւորներու Շրջանային խորհուրդին հետ համատեղ նիստ գումարելով` 2 սեպտեմբեր 1991-ին հռչակեց Արցախի անկախութիւնը եւ իրաւական հիմը դրաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան:

Ոչ միայն պատմական պահուն համապատասխանող յանդուգն քայլ էր, այլեւ ազգային-պետական ու քաղաքական-հասարակական բոլոր առումներով շրջահայեաց կողմնորոշում մը եղաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակումը:

Եւ ամէն բանէ վեր իրաւական սրբագրումը կատարեց Ստալինի գործած պատմական անարդարութեան, որուն մեղքի պտուղն էր 7 յուլիս 1923-ին հռչակուած Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը, որ նուէր տրուեցաւ Ազրպէյճանին:

Եօթանասուն տարի Արցախի հայութիւնը ցմրուր ճաշակեց ազրպէյճանական տիրապետութեան դառն բաժակը: Հայաթափումը ազգային աղէտի չափերու հասաւ` մշակութային ուծացման ու ընկերատնտեսական լքուածութեան անտանելի պայմաններուն տակ: Այսուհանդերձ, օրհասական վիճակի մէջ յայտնուած Արցախի հայութիւնը բնաւ չհաշտուեցաւ իրեն պարտադրուած անարդարութեան հետ: Ճիշդ է` երբեք մտահան չըրաւ պատմութեան դաժան դասը, թէ խորհրդային ամբողջատիրութեան հետ «խաղը բացառուած է»: Բայց նոյնպէս ճիշդ է, որ յարմար ամէն պահ օգտագործեց, որպէսզի նոյնինքն խորհրդային սահմանադրութեամբ բաց ճեղքեր գտնէ եւ ազատ ու անկախ ապրելու իր տիեզերական եւ անժամանցելի իրաւունքին տէր կանգնի:

1980-ականներուն ծաւալած կորպաչեւեան վերակառուցման շարժումը յարմար պահը ընձեռեց Արցախի եւ ընդհանրապէս հայրենի հայութեան, որպէսզի միասնական ծառացումով Ստալինեան պատմական անարդարութիւնը սրբագրելու սահմանադրական պահանջ դնեն` Արցախը Հայաստանին վերամիացնելու դիմումներ կատարելով քրեմլեան ղեկավարութեան: Ազրպէյճան փոկրոմի` ֆիզիքական բնաջնջման լեզուով պատասխանեց հայոց պահանջատիրական բարձրագոռ ձայնին: Եւ 20-րդ դարավերջին հայ ժողովուրդը վերստին ճաշակեց թրքատիպ ջարդերն ու շուրջ կէս միլիոն հայեր տեղահան դարձան պապենական իրենց բնօրրանէն` խորհրդայիններու կողմէ իբրեւ Ազրպէյճանի տարածք հռչակուած հայաբնակ աւաններէն:

Բայց որքան բիրտ ու կատաղի եղաւ ազրպէյճանական հարուածը, այնքան կարծրացաւ Արցախի հայութեան ազգային-ազատագրական պայքարը` հետեւողականօրէն կառչած մնալով հանդերձ միջազգային օրէնքի եւ խորհրդային սահմանադրութեան իրաւական հունով իր պահանջատիրութիւնը յառաջ մղելու վարքագիծին:

Եւ այդ քաղաքական-պետական վարքագիծին պսակումը եղաւ 2 սեպտեմբեր 1991-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակումը:

30 օգոստոս 1991-ի Ազրպէյճանի «անկախութեան վերականգնումի հռչակագրով»` խորհրդային օրէնքով ստեղծուած ԼՂԻՄ-ն ու Խորհրդային Ազրպէյճան իրաւական անձնաւորութիւնը, իրողապէս եւ իրաւականօրէն, վերջ գտան:

Արցախի հայութիւնը ընտրեց իրաւական այն միակ ճամբան, որ Ազրպէյճանի խորհրդային կարգավիճակի լուծարումով բաց մնացած էր իր առջեւ:

Իրաւական այդ հիմնաւորումով ալ, իրողապէս անկախացած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իրաւական` միջազգայի՛ն ճանաչումը ենթակայ չէ, չի կրնար ենթակայ նկատուիլ խորհրդային սահմանադրական քարտէսով գծուած պետական սահմաններու «անձեռնմխելիութեան» սկզբունքին:

Ազրպէյճանը ինքնակամ հրաժարեցաւ խորհրդային իր ժառանգութենէն եւ, բնականաբար, կորսնցուց խորհրդային ամբողջատիրութեան կողմէ իրեն «նուէր» տրուած ԼՂԻՄ-ը, մանաւանդ որ նոյեմբեր 1991-ին Պաքու պաշտօնապէս ջնջեց ԼՂԻՄ-ի իրաւական կարգավիճակը` Լեռնային Ղարաբաղը «ազրպէյճանեան ազգային սեփականութիւն» հռչակելով:

Իսկ Արցախը 2 սեպտեմբեր 1991-ին վճռեց սրբագրել պատմական անարդարութիւնը` սահմանադրական ու ժողովրդավարական ճանապարհով տէր կանգնելով ազգային ինքնորոշման իր անբռնաբարելի իրաւունքին:

Ազրպէյճան ամէն միջոցի դիմեց, որպէսզի արեան մէջ խեղդէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը: Մինչեւ 1994-ի գարնան աւարտը թէժ մարտեր ընթացան Արցախի ամբողջ տարածքին:

Եւ հայ ազատամարտիկները կրցան մայիս 1992-ին ազատագրել անառիկ Արցախի խորհրդանիշ Շուշին, որմէ ետք նուաճեցին Հայաստանի հետ վերամիացման հողային ամբողջ տարածքը:

Այսօր` 2 սեպտեմբերին, Արցախի հայութեան հետ ողջ հայ ժողովուրդը, հայրենի ոստաններէն մինչեւ սփիւռքի հեռաւոր ծագերը, միասնաբար կը վերահաստատէ իր վճռակամութիւնը` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իրողական ազատագրումը պսակելու իրաւական ու միջազգային ճանաչումով:

Մանաւանդ կը վերանորոգէ ազգային իր սրբազան ուխտը, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կենսունակութեան կռուաններուն ուժեղացումով, բոլոր ուժերով շարունակելու պայքարը` Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի համազգային մեծ երազին հասնելու ուղին հարթելով հայոց սերունդներուն առջեւ:

Նազարէթ Պէրպէրեան 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.