Ըստ Քանատայի Խորհրդարանի Անդամներու. Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Նաեւ Թուրք Ժողովուրդի Խնդիրն Է


Հայաստան գտնուող Քանատայի խորհրդարանի անդամներ Պրեթ Պաթ, Լէոն Պենուա եւ Ռաս Հայպըրթ, նաեւ «Մէկ ազատ աշխարհ» կազմակերպութեան նախագահ Մեժիտ Շաֆի 25-26 օգոստոսին պաշտօնական այցելութիւններ տուին, ինչպէս նաեւ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներու յիշատակին:

25 օգոստոսին պատուիրակութիւնը այցելեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին, որ բարձր գնահատեց քանատացի խորհրդարանականներուն ներդրումը` հայ-քանատական բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման, միջպետական համագործակցութեան ամրապնդման իմաստով:

Քանատայի խորհրդարանի անդամները հաստատեցին, որ պիտի շարունակեն աշխատիլ Հայաստանի եւ Քանատայի յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման միտումով:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հայ-քանատական յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը, միտքեր փոխանակուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպուելիք նախաձեռնութիւններուն վերաբերեալ:

Նախարար Նալբանդեան ներկայացուց  շրջանային եւ միջազգային խնդիրներու լուծման վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումները, ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ գործադրուող ջանքերը:

26 օգոստոսին Քանատայի խորհրդարանի անդամները հանդիպում ունեցան Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի հետ, որ շատ կարեւոր նկատած է Հայաստանի եւ Քանատայի միջեւ քաղաքական երկխօսութիւնը եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու հետագայ զարգացումը: Ան հաստատեց, որ երկու երկիրները ունին համագործակցութեան բարի աւանդոյթներ, եւ Հայաստանը մեծ նշանակութիւն կու տայ միջխորհրդարանական կապերու խորացման:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին` Գալուստ Սահակեան նշեց, որ Հայաստան հետամուտ է խնդիրը միայն խաղաղ միջոցներով լուծելու եւ բարձր կը գնահատէ Քանատայի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման  հարցին մէջ: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին անդրադառնալով` Սահակեան շեշտը դրաւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու դատապարտման կարեւորութեան վրայ` բարձր գնահատելով Քանատայի դերակատարութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ: Ան նաեւ խորհրդարանի անդամները հրաւիրեց ապրիլ 2015-ին Հայաստան գալու եւ մասնակից դառնալու 100-ամեակի նախաձեռնութիւններուն:

Քանատացի խորհրդարանականները շնորհակալութիւն յայտնեցին հրաւէրին համար եւ հաստատեցին, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը նաեւ Թուրքիոյ ժողովուրդին հարցն է:

Ազգային ժողովին մէջ Քանատայի խորհրդարանի անդամները հանդիպում ունեցան Հայաստանի Ազգային ժողովի Հայաստան-Քանատա բարեկամական խումբի անդամներուն հետ: Խումբի ղեկավար Յովհաննէս Սահակեան այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ հաստատած է, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները բաւական ջերմ են:

Հիւրերուն խնդրանքով Յովհաննէս Սահակեան անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ծիրին մէջ ստորագրուած Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն եւ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան` նշելով, որ Թուրքիա արձանագրութիւններուն վերաբերող անընդունելի նախապայմաններ դրած է: Անդրադարձ կատարելով Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման խնդիրին` խումբին ղեկավարը կարեւոր նկատեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը, ինչ որ պատճառ պիտի ըլլայ այլ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման: Յ. Սահակեան նաեւ անդրադարձաւ վերջին շրջանին Ազրպէյճանի կողմէ սահմանին վրայ կատարուող ոտնձգութիւններուն, ներթափանցման փորձերուն եւ զինադադարի մնայուն խախտումներուն:

Նոյն օրը, Քանատայի խորհրդարանականներու պատուիրակութիւնը այցելեց Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր:

Քանատացի խորհրդարանականները ծաղիկներ զետեղեցին Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողին առջեւ եւ լռութեամբ ու խոնարհումով յարգեցին մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերուն յիշատակը:

Հիւրերը շրջագայեցան Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.