ՀՅԴ Երիտասարդականը Կը Մասնակցի Ընկերվարական Երիտասարդներու Փառատօնին
ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Օգոստոս 20ին, ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչներ Կարապետ Շատոյեան եւ Սարինէ Աբրահամեան մեկնած են Մալթա, ուր տեղի կ՛ունենայ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան 2014ի Համաշխարհային փառատօնը:
Փառատօնի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Օգոստոս 21ին:
Բացման կը մասնակցէին Մալթայի վարչապետը եւ Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններ: Ընթացքին, խօսքեր արտասանած են Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան նախագահը եւ ընդհանուր քարտուղարը:
Փառատօնը պիտի տեւէ մինչեւ Օգոստոս 26: Փառատօնին հիմնական նպատակն է ստեղծել նոր բեմ՝ ընկերվար երիտասարդական միութիւններուն եւ քաղաքական գործունէութեամբ զբաղող երիտասարդներուն համար:
Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութիւնը Ընկերվար միջազգայնականին ուղեկից միութիւն մըն է: Միութեան կ՛անդամակցին 143 ընկերվարական, ընկերվար-ժողովրդավարական, աշխատաւորական եւ ուսանողական միութիւններ՝ 100 երկիրներէ:
ՀՅԴ Երիտասարդականը միութեան լիիրաւ անդամ է: