Հայաստան Իբրեւ Երրորդ Կողմ Պիտի Մասնակցի Փերինչեքի Դատին


ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի հանրապետութեան գլխաւոր դատախազի մամլոյ բանբեր Քրիսթինէ Մելքոնեան «Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը Եւրոպայի մարդկային իրաւանց ատեանին պաշտօնական դիմում ներկայացուցած է, որպէսզի իբրեւ երրորդ կողմ ներգրաւուի թուրք ազգայնամոլ գործիչ Տողու Փերինչեքի դատին մէջ։
Մելքոնեան ըսած է, որ դիմում ներկայացնելու ժամկէտը մինչեւ Օգոստոս 26 է, եւ Հայաստանը օգտագործելով իր իրաւունքը՝ համապատասխան փաստաթուղթերը արդէն ղրկուած է Սթրազպուրկ։
Յուլիս 15ին, Հրազդանի մէջ «Արմէնփրէս»ի թղթակիցին հետ զրոյցին ընթացքին Հայաստանի հանրապետութեան գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեան ըսած էր, որ հայկական կողմը վճռական է ու ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի ստեղծուի փաստաբանական յատուկ խումբ մը՝ յաջողութեան հասնելու համար։
Մարտ 2007ին, զուիցերական դատարանը երկիրի քրէական օրէնսգիրքի 216րդ յօդուածով դատապարտած էր Փերինչեքը՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ժխտելուն համար, զայն ենթարկելով նիւթական եւ քրէական պատասխանատուութեան։ Վոյի քանթոնի (նահանգի) վերաքննիչ դատարանը եւ դաշնակցային գերագոյն դատարանը մերժած էին դատավճիռին դէմ ներկայացուած բողոքը։
Դեկտեմբեր 17, 2013ին, Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը կայացուցած է դատավճիռ մը, ըստ որուն՝ զուիցերական դատարանները խախտած են բողոքարկողին՝ Փերինչեքի, խօսքի ազատութեան իրաւունքը։ Զուիցերիոյ արդարադատութեան դաշնակցային գրասենեակը այս տարուան Մարտ 11ին հաղորդած էր, որ Զուիցերիա կը պատրաստուի դիմելու Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան՝ Փերինչեքի հարցը Գերագոյն պալատին կողմէ վերանայելու պահանջով։ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը գործը Գերագոյն պալատ ուղարկած էր Մարտի կիսուն։
Կը նախատեսուի, որ Փերինչեքի հարցով առաջին դատական նիստը տեղի ունենայ Նոյեմբեր 5ին։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.