Նախագահ Սերժ Սարգսեան Բացումը Կատարեց ՀՄԸՄ-ի Բիւրականի Բանակավայրի Նոր Տարածքին


«Արմէնփրես» կը գրէ, թէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 22 օգոստոսին այցելած է ՀՄԸՄ¬ի Բիւրականի բանակավայր, ուր 18 օգոստոսէն տեղի ունեցած ՀՄԸՄ¬ՀԱՍԿ¬ի համահայաստանեան բանակումին կը մասնակցին 12-17 տարեկան աւելի քան 300 սկաուտներ, ինչպէս նաեւ արդէն երկրորդ տարին ըլլալով «Խաղաղութեան սուրհանդակներ» նախագիծին մէջ ներառուած Հայաստանի տարբեր մարզերու ընկերային խնամքի տակ եղող հաստատութիւններու երեխաներ:

Նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան համաձայն, նախագահ Սերժ Սարգսեան ողջունած է բանակումին մասնակցող սկաուտները, շրջագայած է բանակավայրին մէջ, ծանօթացած պայմաններուն եւ սկաուտներու առօրեային: Ան նաեւ մասնակցած է բանակումի փակման արարողութեան:

Հայաստանի կառավարութեան որոշումով` Հայաստանի ազգային սկաուտական շարժում հասարակական կազմակերպութեան 2011¬ին անհատոյց (մշտական) օգտագործման իրաւունքով տրամադրուած մէկ հեկտար հողատարածքին վրայ ստեղծուած բանակավայրին համար կատարուած նուիրատուութեան շնորհիւ, ըստ պատասխանատուներուն, կարելի եղաւ այս տարուան բանակումին աւելի մեծ թիւով սկաուտներ հիւրընկալել: Այս տարուան 29 մարտին բանակավայրին մէջ Հայաստանի նախագահին հովանիին տակ եւ «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու հիմնադրամին աջակցութեամբ սկսած շինարարական աշխատանքները աւարտած են 29 յուլիսին:

hasg2 Այցելութեան ծիրին մէջ նախագահը բացումը կատարած է բանակավայրի նոր տարածքին գործունէութիւնը ազդարարող ցուցատախտակին: Կառուցապատուած տարածքը այժմ կրնայ ընդունիլ շուրջ 400 մասնակից:

Հայաստանի ազգային սկաուտական կազմակերպութեան պատասխանատու անդամ Հրաչեայ Շմաւոնեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ 2011-ին կառավարութեան որոշումով` Հայաստանի ազգային սկաուտական կազմակերպութեան յատկացուած է մէկ հեկտար յաւելեալ տարածք, որ նախատեսուած էր բանակավայրի կառուցման համար: «Իւրաքանչիւր 4 տարին անգամ մը տեղի կ՛ունենայ Համա-ՀՄԸՄ¬ական բանակումը, այս տարի ՀՄԸՄ¬ի պատմութեան մէջ աննախադէպ մեծ թիւով մասնակիցներով տեղի ունեցաւ Համա¬ՀՄԸՄ¬ական բանակումը, որուն մասնակցեցան 800 սկաուտ աշխարհի 18 երկիրներէ: Այս բանակավայրը կառուցելով` մենք կրցանք այդ պայմանները ստեղծել: Անիկա կառուցուած է 400 հոգիի համար, իսկ առաջին հատուածը նախատեսուած է մօտ 600 հոգիի համար: Այսինքն, մենք այսուհետեւ պիտի կարենանք ընդունիլ 1000 սկաուտ: Ասիկա մեզի համար շատ ուրախալի փաստ է, որովհետեւ վերջապէս մենք կրցանք մեր պայմանները բարելաւել», նշած է Շմաւոնեան:

Ան տեղեկացուցած է, որ ծրագիրի հովանաւորներն են Հայաստանի նախագահը եւ «Փիւնիկ» հիմնադրամը, որոնց յատկացումներուն շնորհիւ կարելի եղած է կառուցել բանակավայրը: «Պէտք է ըսեմ, որ այս բանակավայրին մէջ առօրեայ կարիքներուն համար բոլոր յարմարութիւնները ստեղծուած են», նշած է Շմաւոնեան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.