Հայկական Ցեղասպանության մասին Զապէլ Եսայեանի զեկոյց-փաստաթուղթը կը յայտնաբերուի Փարիզի մէջ
Թուրք պատմաբան Ումիթ Քուրթը և լրագրող Ալև Էրը, Փարիզի Նուպարեան գրադարանին մէջ կատարած ուսումնասիրութիւններու ընթացքին յայտնաբերած են ցեղասպանութեան մասին վկայող փաստաթուղթ մը: Անոնց կարծիքով այդ փաստաթուղթը մինչև օրս հրատարակուած չէ: Խօսքը կը վերաբերի գրգէտ Զապէլ Եսայեանի 11 էջնոց զեկոյցին, որուն մէջ հեղինակը ներկայացուցած է 1915-ին և անկէ ետք հայ կիներուն և աղջիկներուն պատուհասած դժբախտութիւնները: Ըստ «Ակօս» թերթին՝ այդ զեկոյցը ներկայացուած է Փարիզի Խաղաղութեան խորհրդաժողովի հայկական պատուիրակութեան անդամ Պօղոս Նուպար Փաշային: Վերջինս զեկոյցը փոխանցած է խորհրդաժողովին մասնակից երկիրներու ներկայացուցիչներուն:
Զապէլ Եսայեանը զեկոյցին մէջ կը նշէ, որ երիտթրքական իշխանութիւնները պատերազմը սկսելէ անմիջապէս ետք ծրագրուած ձեւով իրականացուցած են երկրի ոչ իսլամ ազգերու ոչնչացումը: Երիտասարդ կիներուն, աղջիկներուն և երեխաներուն կ՚առեւանգէին: Ըստ Եսայեանի՝ անոնց թիւը այդ օրերուն աւելի քան 200 հազար էր:
Եսայեանը առանձին կէտերով ներկայացուցած է, թէ ինչպէս թուրքերը կ՚առևանգէին հայ կիներն ու երեխաները:
1.- Կիներու մէկ մասին կ՚առևանգէին իրենց քաղաքներէն և գիւղերէն: Էրզրումի մէջ թուրք սպաները կ՚առեւանգէին քաղաքի երեւելի հայերու աղջիկները, իսկ Երզնկայի մէջ՝ հարուստ ընտանիքներու աղջիկներուն:
2.- Հայ կիներն ու երեխաները կ՚առեւանգուէին յայտկապէս հայ տղա՚մարդիկը սպանելէ ետք: Ոստիկանները, որոնք կ՚ուղեկցէին կիներու խումբերուն, տաժանագին ճանապարհորդութենէ ետք խումբը կը բերէին աղբիւրի մը մօտ, սակայն մօտենալ և ջուր խմել կ՚արգիլէին: Ջուր խմելու գինը՝ թուրք զինուորներուն յանձնուիլն ու կիրքերուն գոհացում տալն էր:
3.- Երբ այդ կիները կը հասնէին հաւաքավայր, անոնց վրայ կը յարձակէին քիւրտերը, չերքէզներն ու չեչէնները:
Ումիթ Քուրթ և Ալև Էր կը յայտնեն նաև, որ Եսայեանի զեկոյցը յանձնուած է նաեւ Պոլսոյ հայոց պատրարք Առաքել Չաքրեանի գլխաւորութեամբ ստեղծուած յանձնաժողովին, որ կը զբաղէր որբ հայ երեխաներ և այրի կիներ գտնելու հարցով: