Ատրպէյճանցի Հետախոյզներուն Դէմ Կեցած Զինուորներու Պարգեւատրում


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան պաշտպանութեան բանակի զօրամասերէն մէկուն մէջ մասնակցած է ամառնային ուսումնական շրջանի մեկնարկին, որուն ընթացքին մետալներով պարգեւատրուած են հակառակորդի ներթափանցման փորձերու կասեցման ընթացքին իրենց ներդրումը ունեցած զինուորները:
Բացի մետալներէն, Մովսէս Յակոբեան դրամական պարգեւներ շնորհած է նաեւ շարք մը զինուորներու եւ ազատամարտիկներու, որոնք աշխոյժ կերպով մասնակցած են հակառակորդի ներթափանցման գործընթացին։ Նախարարին կողմէ 200 հազար դրամով պարգեւատրուեցաւ աւագ հարիւրապետ Հայկ Խալաթեանը, «ով աչքի էր ընկել խիզախութեամբ՝ հակառակորդին կորուստներ պատճառելով եւ հետ շպրտելով»: Ան նաեւ պիտի առաջադրուի պետական պարգեւի:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան իր խօսքին մէջ ըսած է. «Անցած 6 ամիսները պաշտպանութեան բանակի համար հանդիսացան պաշտպանութեան բանակի մարտական պատրաստականութեան, անձնակազմի արհեստավարժութեան եւ պաշտպանական բանագծերի ինժեներական արգելափակոցների կատարելագործման, հայրենիքի պաշտպանութեան վսեմ եւ փայլուն իրականացման արդիւնաւէտ շրջան, որով առաւել հարստացաւ մեր զինուած ուժերի տարեգրութիւնը: Համոզուած եմ, որ պաշտպանութեան բանակի իւրաքանչիւր զինծառայող, մանաւանդ, մարտական հերթապահութիւնում ընդգրկուած զինուորը, այսուհետ եւս պատրաստ է հանդէս բերել բարձր մարտական ոգի, նոյն յաջողութեամբ շարունակել դաստիարակուելու եւ ուսուցման համատեղումը: Դրանց են միտուած բանակային իւրաքանչիւր տարուայ յագեցած միջոցառումները, գործնական պարապմունքները»։
Յակոբեան ընդգծած է, որ այդ բոլորը տեսանելի է ո՛չ միայն ամփոփիչ արդիւնքներով, այլ նաեւ վերջերս հակառակորդին կողմէ յաճախակի դարձած զինադադարի խախտումներով, ներթափանցման-հետախուզական փորձերու կանխարգիլումներով: «Արդէն շուրջ մէկ ամիս է, իսկ եթէ աւելի ընդգրկուն դիտարկենք, ապա այս տարուայ սկզբից ադրբեջանական կողմը շարունակել է իր որդեգրած արկածախնդրային գործելաոճը, ինչի հետեւանքով ղարաբաղա-ադրբեջանական հակամարտ ուժերի շփման գծում տիրող իրավիճակը կտրուկ լարուել է: Ադրբեջանական զօրախմբերը չեն դադարեցրել դիւերսիոն գործողութիւններ իրականացնելու փորձերը: Մեր դիրքերի ուղղութեամբ կիրառուել են խոշոր տրամաչափի զինատեսակներ, նռնակներ, ականանետեր, զենիթային հրանթօների արկեր, յաճախակիացել են նաեւ սահմանամերձ գիւղերի գնդակոծումները», յայտնած է նախարարը՝ աւելցնելով, որ հակառակորդը կրնայ լռեցնել միայն համարժէք պատասխանը, զոր տրուած է:
Ըստ անոր՝ սահմանագիծին վրայ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները համախմբած են հայ ժողովուրդը. իրարու անծանօթ զինուորները դարձած են ընկերներ, ընկերները՝ եղբայրներ, ձեւաւորուած է վստահութիւն եւ յարգանք իրարու նկատմամբ: «Նրանք մարտադաշտում իրականում տեսել եւ համոզուել են, թէ ինչ բան է զինուորական կոլեկտիվիզմը, տեսել եւ համոզուել են, որ միայն ընկերութեան վեհ գաղափարն է ունակ զինուորին դարձնել անխոցելի: Բանակի կողքին կանգնեցին բոլորը՝ գիւղացիներ, ուսուցիչներ, պետական գործիչներ, գիտնականներ: Մէկ ակնթարթում հայրենիքը բոլորի համար դարձաւ սրբարան: Մենք մեր թիկկունքում զգում ենք նաեւ մեր առիւծածին մայրերի աջակցութիւնը եւ օրհնանքը: Սա է ազգի գոյատեւման անժխտելի բանաձեւը: Մենք պէտք է շարունակենք նոյն ոգով», յայտնած է Յակոբեան:
Յակոբեան տեղեկացուցած է, որ 26 Յուլիսէն 5 Օգոստոս հակառակորդը կատարած է շուրջ 7 ներթափանցման-հետախուզական գործողութիւն, որոնց ընթացքին կրած է կորուստներ եւ շպրտուած է իր դիրքերը: Պաշտպանութեան բանակի զինուած ստորաբաժանումները եւ մարտական հերթապահութիւն կատարող զինուորները կրցած են ետ մղել թշնամին՝ պատճառելով զգալի կորուստներ: «Այդ ժամանակահատուածում հակառակորդը ղարաբաղա-ադրբեջանական շփման գծում տուել է 40 զոհ եւ 30ից աւելի վիրաւոր: Նոյն ժամանակահատուածում յանուն իրենց հայրենիքի պաշտպանութեան հերոսական մարտում ընկել են պաշտպանութեան բանակի 6 մարտիկներ: Յաւերժ փառք նրանց», յայտնած է Յակոբեան։
Այնուհետեւ ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են ներթափանցման գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք զոհուած զինուորներուն յիշատակը: Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ զինուորականներու հանդիսաւոր քայլերթով:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.