Ամերիկա Ռազմական Կառքեր Պիտի Չվաճառէ Ատրպէյճանին
1369
0
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ամերիկա բացասական պատասխան տուած է Ատրպէյճանին՝ Աֆղանիստանէն ետ բերուած «Cougar» եւ «HMMWV» ռազմական փոխադրակառքերը վաճառելու կապակցութեամբ. այս մասին հաղորդած են ատրպէյճանական զինուորական աղբիւրներ:
Ուաշինկթըն այս մերժումը հիմնաւորած է հակամարտութեան գօտիներուն զէնք չվաճառելու սկզբունքով:
Նշենք, որ մէկ տարի առաջ յայտարարուած էր, թէ Աֆղանիստանէն դուրս բերուած ռազմական սարքաւորումները պիտի ծախուին:
Հակառակ Ուաշինկթընի յիշեալ պատրուակին, վերջին տարիներուն, Ամերիկա Վրաստանին նուիրած է «Cougar» տիպի զրահապատ 10 մեքենայ եւ շուրջ 100 «HMMWV»ներ: