Հայ մը հրազէնով կրակեց Մոսկուայի թրքական դեսպանատան վրայ
1276
0
Ռուսական լրատուամիջոցներ կը յայտնեն, որ Օգոստոս 18-ին, Մոսկուայի թրքական դեսպանատան ուղղութեամբ հրացանով կրակ բացուած է հայ ազգութեամբ քաղաքացիի մը կողմէ:
Ըստ լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն, «Դոպպի լէս» ընկերութեան տնօրէն, 43-ամեայ Արթուր Միրզոյեանը որսորդական հրացանով կրակ բացած է թրքական դեսպանատան մուտքին վրայ զետեղուած թրքական հանրապետութեան զինանշանին ուղղութեամբ։ Միրզոյեան կրակած է երկու փամփուշտ՝ ուղիղ նշանակէտին:
Կրակոցներու ձայները պատճառ դարձած են որ վայր ժամանեն ոստիկաններ, որոնք աւելի ուշ ձերբակալած են Արթուր Միրզոյեանը։