ԱՐԱՄ Ա. ԿԹՂ. ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՎԱՆՔԸ ՄԿՐՏԵՑ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԱՆՔ ԱՆՈՒՆՈՎ
Շաբաթ, 16 Օգոստոս 2014-ին, Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով տուած իր պատգամին ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս լայնօրէն անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովուոցի՝ Պիքֆայայի վանքի շրջափակէն ներս տեղի ունեցող շինարարութեանց եւ այս առիթով, հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեան, Պիքֆայայի վանքը մկրտեց «Սուրբ Աստուածածնայ Վանք» անունով:
Վանքերն ու վանական շարժումները կարեւոր դեր խաղացած են Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան ընթացքին, որոնց մէջ զարգացած ու դրսեւորուած է մեր եկեղեցւոյ աստուածաբանութիւնը: Արդարեւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սուրբ Աստուածածնայ վանքը, որ 62 տարիներէ ի վեր իբր միաբանութեան հովուոցը կը ծառայէ եւ ուր կը գտնուի նաեւ Դպրեվանքը, վերջին հինգ տարիներու ծրագրուած շինարարական աշխատանքներուն շնորհիւ, այսօր կը ներկայանայ իբրեւ ամբողջական վանական համալիր՝ իր բոլոր յարմարութիւններով:
Սուրբ Աստուածածնայ վանքի համալիրին մաս կը կազմեն հետեւեալ կառոյցները.-
1. Սուրբ Աստուածածին մատուռը, կառուցուած՝ 1952 թուականին, Երջանկայիշատակ Տ. Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի օրով, Երուանդ Տէմիրճեանի բարերարութեամբ:
2. Դպրեվանքի շէնքը, կառուցուած՝ 1983-1986 տարիներուն, Երջանկայիշատակ Տ. Խորէն Ա. եւ Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսներու օրերուն: Ընդառաջելով Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին փափաքին՝ 2003 թուականին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկը ստանձնեց շէնքի ամբողջական նորոգութեան ծախսերը:
3. Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան, կանգնած՝ Ցեղասպանութեան 50-ամեակին առիթով, Երջանկայիշատակ Տ. Խորէն Ա. Կաթողիկոսի օրօք: Յուշարձանը եզերող փակի ընդարձակման ու բարեզարդման աշխատանքներուն բարերարութիւնը ստանձնած է Զուիցերիայէն Տէր եւ Տիկ. Ալեքքօ եւ Անի Պէզիկեան ամոլը:
4. Վեհարանի շէնքը, կառուցուած՝ 1952 թուականին, Երջանկայիշատակ Տ. Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի օրով: Վեհարանի շէնքը ամբողջական նորոգութեան ենթարկուեցաւ անցնող ամիսներու ընթացքին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հսկողութեան ներքոյ: Նորոգութեան բարերարութիւնը ստանձնած է Դամասկոսէն Տէր եւ Տիկ. Գառնիկ եւ Անահիտ Եագուպեան ամոլը:
5. Միաբանական շէնքը, կառուցուած՝ 2014 թուականին: Ընդառաջելով Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի փափաքին՝ Տէր եւ Տիկ. Հրայր եւ Մակի Սողոմոնեան ամոլը, Տուպայէն, ստանձնեց 40 սենեակներ ունեցող շէնքին շինարարական բոլոր ծախսերը:
6. Նահատակաց Խորանը, կառուցուած՝ 2013 թուականին: Ընդառաջելով Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին փափաքին՝ Տէր եւ Տիկ. Արթիւր եւ Թամար Նազարեան ամոլը, Լիբանանէն, ստանձնեց խորանի կառուցման բոլոր ծախսերը:
7. Սուրբ Աստուածածին մատրան շրջափակը ընդարձակուեցաւ ու բարեզարդուեցաւ, Լիբանանահայ Սարգիս, Աւետիս եւ Յակոբ Տէմիրճեան եղբայրներուն բարերարութեամբ:
8. Ս. Աստուածածնայ վանքին մուտքի ընդլայնման ու հրապարակի բարեզարդման աշխատանքները կը շարունակուին: Այս ծրագրին բարերարութիւնը ստանձնած է Թեհրանէն Վանիկ Տէր Ղուկասեան:
Սուրբ Աստուածածնայ վանքէն ներս շուտով պիտի սկսին Միաբանական Դամբարանի կառուցման աշխատանքները: Վանքը նաեւ օժտուեցաւ երեք մեծ ջրամբարներով: Սուրբ Աստուածածնայ վանքի շրջափակի բարեզարդման ու Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած հրապարակի շինարարական աշխատանքները կը շարունակուին եւ իրենց աւարտին պիտի հասնին յառաջիկայ տարի: