Հայկական Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Գանատահայութեան Կայքէջը


 

Հայկական Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Գանատայի Մարմնի Հանրային Կապերու յանձնախումբը, Օգոստոս 15-ին, հրապարակեց իր պաշտօնական կայքէջը։

 Կայքէջին վրայ հանրութեան պիտի ներկայացուին Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Գանատայի Մարմնի յառաջիկայ ծրագիրները, նախաձեռնութիւններն ու հրատարակութիւնները։

Կայքէջի տարբեր ենթաբաժիններուն մէջ կը բացատրուին Մարմնի առաքելութիւնը, Հայկական Ցեղասպանութեան Գանատայի մէջ ճանաչումը, Հայկական Ցեղասպանութեան ժամանակագրութիւնը եւ առցանց նուիրատուութիւններու բաժինը։ Անոնք, որոնք կը փափաքին նիւթապէս օժանդակել 100-ամեակի Մարմնի գործունէութեան, փափաքելի է որ իրենց սրտափուխ նուիրատուութիւնները կատարեն, paypal-ի միջոցով։

Կայքէջի հասցէն է www.genocidecentennial.ca։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.