Հարիւրաւոր Հայ Երիտասարդներ Միասնութեան Շուրջպար Բռնած Են Ստեփանակերտի Մէջ


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».– Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ 12 Օգոստոսի երեկոյեան միասնութեան շուրջպար բռնած են արցախցի, ինչպէս նաեւ Գորիսէն ու Սփիւռքէն ժամանած հարիւրաւոր պատանիներ ու աղջիկներ: Երիտասարդութեան միջազգային օրուան առիթով կայացած այս շուրջպարը կազմակերպուած է մշակոյթի եւ երիտասարդութեան նախարարութեան կողմէ եւ բաղկացած է երեք մասէ՝ ազգային աւանդական խաղեր, ազգային պարեր, որոնց կարգին՝ միասնութեան շուրջպար եւ համերգային ծրագիր:

Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան նախարարութեան երիտասարդութեան հարցերու բաժինի պետ Դաւիթ Ղուկասեան յայտնած է, որ պարային կատարումներով, նաեւ՝ միասնութեան շուրջպարով հանդէս եկած են «Արցախ ազգային պար» նախաձեռնութեան մասնակիցները, Հադրութի շրջանի Տող, Մարտունիի շրջանի Ճարտար գիւղերու արուեստներու դպրոցներու սաները, մարտակերտցի եւ գորիսցի, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ ամառնային արձակուրդի եկած սփիւռքահայ տղաներն ու աղջիկները՝ շուրջ 300 հոգի:
Հրապարակին վրայ հաւաքուած հազարաւոր ստեփանակերտցիներու եւ մայրաքաղաքի հիւրերուն ազգային-ժողովրդագրական երգերէ բաղկացած համերգային ծրագիր հրամցուցած է Արցախի «Մենք Ենք, Մեր Սարերը» երգի-պարի պետական համոյթը։
«Այս միջոցառումն արդէն աւանդական է դարձել եւ երրորդ տարին է, ինչ այսպէս շուքով նշում ենք Երիտասարդութեան միջազգային օրը՝ փորձելով ամէն տարի մի նորութիւն մտցնել», նշած է Դաւիթ Ղուկասեան՝ աւելցնելով, որ նման միջոցառումներով հանդէս եկած են նաեւ զօրամասերուն մէջ: Հաստատելով, որ այս նախաձեռնութիւնը շարունակական պիտի ըլլայ՝ պատասխանատուն նշած է, որ իրենց նպատակն է ո՛չ միայն համախմբել հայ երիտասարդութիւնը եւ նպաստել անոր ռազմահայրենասիրական դաստիարակութեան, այլ նաեւ օգնել, որպէսզի աճող սերունդը չմոռնայ ու պահպանէ ազգային եւ աւանդական երգերն ու պարերը, առհասարակ՝ հայկական մշակոյթը, օժանդակել, որպէսզի աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդները անմիջական ու ջերմ մթնոլորտի մէջ կապ հաստատեն եւ ծանօթանան իրարու։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.