Իսլամ Ծայրեղականներու Զէնքերը Թուրքիայէն Կ՛անցնին. «Ուաշինկթըն Փոսթ»


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- «Ուաշինկթըն Փոս»չ թերթը լուր մը հրատարակած է Թուրքիոյ մէջ իսլամ ծայրայեղականներու գործունէութեան մասին՝ նշելով, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները տապալելու մոլուձքով տարուած Անգարան առիթ ընծայած է իսլամ ծայրայեղականներու հզօրացման։
Կը նշուի, որ «Իսլամական պետութիւն» կոչուող այս ահարկու կազմակերպութիւնը իր ուժին տիրացաւ Թուրքիոյ կողմէ իր վայելած զօրակցութեան շնորհիւ։ Անոր հրամանատարներէն մէկը, որուն հետ հարցազրոյց մը կատարուած է Թուրքիոյ Ռէյհանլը քաղաքին մէջ, ըսած է. «Մեր անդամներէն ոմանք թրքական հիւանդանոցներու մէջ բուժուեցան։ Պատերազմի սկզբնական օրերուն, մեր պայքարին միացող օտարներու մեծամասնութիւնն ու պատերազմի ընթացքին գործածուած զէնքերը Թուրքիոյ վրայով հասան մեզի»։
Միջին Արեւելքի մէջ ամէնէն վախազդու խմբակը ըլլալէ առաջ, այս կազմակերպութիւնը Սուրիոյ սահմանին վրայ թրքական գիւղաքաղաքները օգտագործած է իբրեւ առեւտուրի կեդրոն, եւ Թուրքիա այս տարածքը տրամադրած է որպէս կեդրոն՝ պատերազմի գացող օտարներուն ու անոնց զէնքերու փոխադրութեան։
Թերթը կ՛եզրակացնէ, որ յիշեալ կազմակերպութիւնը իր յաջողութիւնը մասամբ կը պարտի թուրքերուն՝ աւելցնելով, որ այժմ «Թուրքիա իր ցանածը կը քաղէ»։
Ռէյհանլըի քաղաքապետ Թամեր Ափիշ թերթին յայտնած է, որ Թուրքիա Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի դէմ եղողները գոհունակութեամբ դիմաւորած է, իսկ հիմա անոնք «կը սպաննեն, իրենց հիւանդութիւնները կը տարածեն եւ Թուրքիոյ կատարած բարիքին փոխարէն չարիք կը բերեն, իսկ այս բոլորին գինը մե՛նք բոլորս կը հատուցենք»։
«Ուաշինկթըն Փոսթ»ի համաձայն՝ ծայրայեղականները իրենց հակակշիռին տակ գտնուող տարածքներէն դէպի Թուրքիա փախստական ձեւով քարիւղ կը փոխադրեն, սահմանին վրայ ապօրինի կերպով զէնքի եւ ապրանքի փոխադրութիւն կը կատարեն։ Թուրքիա, այս ապօրինութիւններուն վերջ տալու համար, որոշ քայլերու դիմած է, բայց անոնք բաւարար չեն եղած։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.