Լեւոն Զեքի Ետալեան Կ՛ակնկալէ Նախարարական Պաշտօնի Մը Տրուիլը Սուրիահայերուն
- (0)

Լ. Ետալեան դիտել տուաւ. «Նախկին կառավարութեան մէջ սուրիահայերուն նախարարի պաշտօն յատկացնելը մեծ անդրադարձ ունեցաւ աշխարհի բոլոր հայերուն վրայ, մանաւանդ` սուրիահայերուն, որոնք հաւատարիմ մնացին Սուրիոյ` զայն համարելով իրենց առաջին եւ անփոխարինելի հայրենիքը: Թէեւ պատերազմը ոմանց պարտադրեց ժամանակաւորապէս անկէ հեռանալ, սակայն անոնց սրտերը կառչած մնացին իրենց հայրենիքին, որ 1915-ին օսմանցիներու կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան օրէն ի վեր դարձաւ ապաստան ու ապահովեց ապրելու բոլոր յարմարաւէտ պայմանները: Արդարեւ, սուրիահայերը չեն զլանար ամէն ինչ տրամադրելու ի նպաստ երկրի բարգաւաճման եւ բոլոր պարագաներու անոր հանդէպ կը տածեն սէր ու հաւատարմութիւն, որովհետեւ անոնք տարածաշրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող ընկերային խճանկարին մէկ կարեւոր մասնիկը կը հանդիսանան»:
Լեւոն Ետալեան յայտնեց, թէ բարձրաստիճան պաշտօն ստանձնելու ատակ սուրիահայերուն առաջարկուած նախարարական որեւէ պաշտօն պիտի նկատուի «որպէս յստակ ուղերձ արտաքին աշխարհին, ըսելով, որ Սուրիան կը մնայ համերաշխութեան երկիր` բազմազան համայնքներու եւ կրօններու բնօրրան, նաեւ` պատասխան ծայրայեղականներուն, որոնք խտրականութիւն կը կիրարկեն ընդդէմ փոքրամասնութիւններուն եւ քրիստոնեաներուն»:
Լեւոն Զեքի Ետալեան ընդգծեց, որ սուրիահայերը տնտեսական կարեւոր դերակատարութիւն պիտի ունենան նոր հանգրուանի տնտեսական կեանքին մէջ, որուն հրատապ խնդիրներէն կը համարուի վերակառուցումը: «Հակառակ գրաւիչ առաջարկներուն` սուրիահայ գործարարները մերժեցին Սուրիայէն դուրս ներդրումներ կատարել, եւ փափաք յայտնեցին աշխուժ մասնակցութիւն ունենալ պատերազմի աւերները վերակառուցելու գործընթացին մէջ, յատկապէս հայկական մեծամասնութեամբ բնակուած շրջաններուն` Քեսապի, Հալէպի Նոր Գիւղ թաղամասին մէջ, ուր առեւտրական խորհուրդին մէջ գոյութիւն ունի աւելի քան 1200 գրանցում»:
Ան անդրադարձաւ 1928-էն մինչեւ 2011 թուական սուրիահայերուն կատարած զգալի դերակատարութեան Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ, իսկ ոմանք ալ զինուորական ղեկավար պաշտօններ ստանձնած էին, ինչպէս` Հրանդ Մալոյեան եւ Արամ Գարամանուկեան, վերջինս մասնակցեցաւ նաեւ Պաղեստինի պատերազմին, ինչպէս նաեւ նախկին կառավարութիւններու մէջ գործող ելեւմուտքի նախարար Հանրի Հնթիէ 1936-ին եւ պետական նախարար` Սապետ Արիս 1943-ին, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան նաեւ մշակութային, ընկերային եւ մտաւոր կեանքին մէջ:
Պետական գրանցման մատեաններուն մէջ արձանագրուած են 300 հազար սուրիահայեր, որոնցմէ 100 հազարը 2011-ի տագնապէն առաջ մնայուն բնակութիւն հաստատած է Սուրիոյ մէջ, սակայն տնտեսական ապահովական պայմաններու բերումով ոմանք ժամանակաւորապէս մեկնած են Հայաստան, Լիբանան եւ այլ երկիրներ: