Հայկական Ցեղասպանութեան առցանց թանգարանի ծրագիր Գանատայի մէջ
ՈՐՊԷՍԶԻ ԻՐԵՐԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ ԱՊՐԻԼ ԵՒ ՅՈՒՇԵԼ
2015-ին հայութիւնը աշխարհով մէկ պիտի նշէ իր դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան հարիւրամեակը՝ «Կը յիշեմ, կը պահանջեմ» համահայկական նշանաբանով։
Հայկական ցեղասպանութեան հարիւրամեակի Գանատայի մարմնի կրթական եւ դաստիարակչական ծրագիրներէն մին է ստեղծել Մեծ եղեռնէն վերապրած իրերու առցանց թանգարան մը (online museum)՝ «Հարիւր վերապրած իր՝ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին համար» կարգախօսով։
Ծրագիրը Գանատայի հայ դպրոցներէն պիտի սկսի։ Աշակերտները իրենց ծնողներուն, մեծ ծնողներուն, ազգականներուն մօտ պիտի որոնեն առարկաներ, ինչպէս օրինակ՝ գիրքեր, զարդեղէններ, լուսանկարներ, բացիկներ, հագուստներ, գորգեր, կարպետներ եւ այլ իրեր, որոնք 1915-ի ցեղասպանութենէն վերապրած են ու սերունդէ սերունդ փոխանցուելով հասած են մեր օրերուն, հասած են մեզի՝ այստեղ։ Առարկաները պիտի լուսանկարուին ու աշակերտները գրի պիտի առնեն անոնց պատմութիւնը, այդպիսով ծանօթանալով ու տէր կանգնելով մեր ժառանգութեան ու պատմութեան։
Այս աշխատանքը պիտի կատարուի դպրոցներէն դուրս ալ ու հայ հասարակութեան պիտի դիմուի նոյն նպատակով։
Այս ծրագրին ընդմէջէն 1915-ի ցեղասպանութենէն վերապրած մեր մշակոյթի նիւթեղէն ժառանգութեան մասին իրազեկ պիտի դառնանք, միաժամանակ անմիջականօրէն առնչուելով մեր ընտանիքի թէ ազգի պատմութեան, բայց մանաւանդ զայն սեփականութիւնը դարձնելով նոր սերունդին։
Հայկական ցեղասպանութեան հարիւրամեակի Գանատայի մարմնի
Դաստիարակչական յանձնախումբ
2014 օգոստոս
կապուելու համար գրել հետեւեալ հասցէին
sima.aprahamian@concordia.ca