Գերմանիա «Օսքար»ի մրցոյթի՞ն պիտի ներկայացնէ Ֆաթիհ Աքինի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ֆիլմը
1353
0
Թրքական «T24» լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ յառաջիկայ տարուան ֆիլմարուեստի «Օսքար» մրցոյթին օտարալեզու ֆիլմերու ենթաբաժնին մէջ հաւանական է որ ներկայացուի ծագումով թուրք գերմանացի բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքինի Հայոց ցեղասպանության մասին պատմող «Հատում» ֆիլմը: Նոյն աղբիւրը կը նշէ սակայն, որ «Օսքար»ներու մրցոյթի կանոններուն համաձայն, Օսքարի թեկնածու ֆիլմերը, ներկայացնող երկրին մէջ պէտք է մեծ պաստառ բարձրանան ամէնէն ուշը մինչև սեպտեմբերի վերջ: Իսկ Աքինի «Հատում» ֆիլմի գերմանական առաջին ներկայացումը նշանակուած է հոկտեմբերի 16-ին…