Ոչ Եւս Է Սեպուհ Աբգարեան


Յետ կարճատեւ հիւանդութեան եւ վաստակաշատ ու բեղմնաւոր կեանքի, ԳՈՀԱՐ Մեծ Ընտանիքին, Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան եւ իր սիրելի աշակերտներուն ու բարեկամներուն ու երկրաւոր կեանքին հրաժեշտ տուաւ Սփիւռքահայ արուեստագէտներու եւ մանկավարժներու ամէնէն պայծառ եւ ինքնատիպ դէմքերէն մին՝ Մայեսթրօ Սեպուհ Աբգարեանը։ Երեքշաբթի 5 Օգոստոս 2014ի կանուխ ժամերուն, Նիկոսիոյ իր բնակարանին մէջ, այս աշխարհին իր աչքերը փակեց եւ հոգին երկնային արքայութեան աւանդեց Մարդ մը, որուն գիտակցական ամբողջ կեանքը եղաւ Գեղեցիկին, Վեհին ու Ազնիւին նուիրում մը, որ կէս դար ծառայեց Հայ Դպրոցին ու Արուեստին, անոնց զոհասեղանին կիզելով իր հոգին ու միտքը։ Սեպուհ Աբգարեանի անդարձ մեկնումը կը սգան ԳՈՀԱՐ Համոյթի մեկենաս՝ Խաչատուրեան ընտանիքն ու Համոյթի բոլոր անդամներն ու պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան աշխարհատարած սան- սանուհիները։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.