Գերմանիոյ Խորհրդարանէն Պատուիրակութիւն Մը Արցախ Կ՛այցելէ
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 4 Օգոստոսին ընդունած է Գերմանիոյ խորհրդարանէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Քրիստոնէական–ժողովրդավարական միութեան խմբակցութեան անդամներ Մանֆրետ Կրունտը եւ Ալպերթ Վայլըրը։ Հանդիպումին ընթացքին քննարկումի նիւթ եղած են երկկողմանի յարաբերութիւնները, տարածաշրջանային գործընթացները, ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման առնչուող շարք մը հարցեր:
Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է Գերմանիոյ հետ յարաբերութիւններու զարգացումը՝ նշելով, որ այդ մէկը Արցախի արտաքին քաղաքական օրակարգի առաջնային ուղղութիւններէն մէկն է:
Հանդիպման մասնակցած են արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր:
Պատուիրակութիւնը տեսակցած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի հետ: Ողջունելով գերմանացի պատգամաւորները՝ Ղուլեան կարեւոր նկատած է Արցախի եւ Գերմանիոյ օրէնսդիրներուն միջեւ համագործակցութեան զարգացումը՝ վկայակոչելով 2-3 Ապրիլին Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ իր ունեցած հանդիպումները:
Գերմանացի երեսփոխանները իրենց գոհունակութիւնը յայտնած են Ստեփանակերտ կատարած իրենց այցելութեան առիթով՝ նշելով, որ տարածաշրջանի մասին տեղեկութիւնները ամբողջական չեն կրնար ըլլալ առանց Արցախ այցելելու:
Պատասխանելով գերմանացի երեսփոխաններուն հարցումներուն՝ վերջին շրջանին Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտման դէպքերուն մասին, Աշոտ Ղուլեան ընդգծած է, որ պաշտօնական Պաքուն ամէն ինչ կ՛ընէ՝ բանակցային գործընթացը տապալելու համար: Արցախի Ազգային ժողովի նախագահին համոզմամբ, շփման գիծին վրայ առկայ լարուածութիւնը առնչուած է նախորդ ժամանակաշրջանին Ատրպէյճանի կողմէ ստանձնած պարտաւորութիւններու խախտումներուն, ռազմատենչ քարոզչութեան, զանգուածային սպառազինման հանդէպ միջազգային կառոյցներու անհամարժէք արձագանգներուն եւ ատոր իբրեւ հետեւանք պաշտօնական Պաքուի անպատժելիութեան զգացումին:
Հանդիպման մասնակցած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի պաշտպանութեան, անվտանգութեան եւ օրինապահպանութեան յանձնաժողովի նախագահ Ժաննա Գալստեանը, արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Վահրամ Աթանէսեանը, արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆելիքս Խաչատրեանը եւ Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան խորհրդական Աշոտ Սմբատեանը: