Բողոքի Ցոյց՝ Ելեկտրականութեան Սակի Բարձրացման Դէմ


ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– 1 Օգոստոսէն ուժի մէջ մտաւ Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի՝ ելեկտրականութեան հոսանքի սակը բարձրացնելու 1 Յուլիսի որոշումը։
Իշխանութիւններու այս որոշման դէմ պայքարող «Ոչ թալանին» քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը, 1 Օգոստոսի երեկոյեան «Լուսաւորենք խաւարը» խաղաղ երթով եւ խաւարի լուսաւորումը խորհրդանշող մոմերով՝ Մատենադարանէն Մաշտոցի պողոտայով ուղղուեցաւ դէպի Հանրապետութեան հրապարակ: Անոնք կը կրէին պաստառներ՝ «Ոչ թալանին», «Մենք ենք որոշողը» կոչերով։
Երթէն առաջ «Ոչ թալանին» քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը նախաձեռնեց ստորագրահաւաքի, որուն միացան բազմահազար քաղաքացիներ, պատրաստուեցաւ նաեւ ութ կէտէ բաղկացած պահանջագիր, զոր բողոքի ցոյցին մասնակիցները պիտի յանձնեն պատկան մարմիններուն: Անոր մէջ կը պահանջուի չեղեալ նկատել ելեկտրականութեան գինի բարձրացման որոշումը, ստեղծել անկախ յանձնաժողով՝ նախաձեռնութեան անդամներու, անկախ փորձագէտներու ու պատգամաւորներու մասնակցութեամբ, որպէսզի ուսումնասիրէ ստեղծուած վիճակը։
Բողոքի ցոյցին ներկայ էր նաեւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեան: Աւելի կանուխ, Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը հրապարակած էր հաղորդագրութիւն մը՝ բոլորին կոչ ուղղելով մասնակցելու բողոքի ցոյցին: Ան եկած էր սատարելու բողոքի ցոյցի մասնակիցներուն: Րաֆֆի Յովհաննէսեանի համաձայն՝ պէտք չէ կուսակցականացնել պայքարը, բայց պէտք է քաղաքականացնել զայն՝ հաստատելով, որ այդ ցոյցին պէտք է ներկայ ըլլային բոլոր քաղաքական ուժերը, քաղաքացիական նախաձեռնութիւնները՝ առանց խտրականութեան ու նախանձի: «Սա երթ է արդարութեան համար եւ հերթական խաբէութեան դէմ: Այս թանկացումը անդրադառնալու է քաղաքացիների ճակատագրի վրայ՝ աւելացնելով աղքատութիւնը եւ արտագաղթը: Մինչ դէ ֆակտօ իշխանութիւնները գիշերը լուսաւորում են իրենց գրասենեակները, Հայաստանի քաղաքացին սեփական երկրում գնում է դէպի խեղճացում, ուստի ժամանակն է, որ բոլոր պայքարող քաղաքացիները միաւորուեն, ստեղծեն միասնական համապետական օրակարգ՝ պահանջելով, որ պետական իշխանական շէնքերը անջատեն գիշերը իրենց լոյսերը, որովհետեւ դա մեր լոյսն է, մենք ենք վճարում դրա համար», ըսած է Յովհաննէսեան։
Նախաձեռնութեան անդամներէն Լեւոն Զաքարեան «Երկիր»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ նոյն նպատակով բողոքի ցոյցեր պիտի կազմակերպուին նաեւ Կապանի, Գաւառի, Շիրակի մարզերուն մէջ: «Մենք անելու ենք ամէն բան, որ բողոքի ցոյցը խաղաղ ընթացք ունենայ: Նպատակն է՝ համախմբել մարդկանց եւ տեղեկացնել ելեկտրաէներգիայի թանկացման արդիւնքում առաջ եկող խնդիրների մասին», ըսած է ան։ Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ ակնկալիքներ կան, որ կառավարութիւնը զիջումներ ընէ՝ Լեւոն Զաքարեան նշած է, որ եղած են հասարակական պահանջներ, որոնք հաւաքականութեան կողմէ պայքարելու եւ համախմբուած ըլլալու իբրեւ արդիւնք յաջողութեան հասած են։ Ան յոյս յայտնած է, որ այս պահանջքը եւս իր արդիւնքը կ՛ունենայ: Անդրադառնալով կառավարութեան նիստէն ետք ուժանիւթի նախարար Երուանդ Զախարեանի այն յայտարարութեան, թէ՝ «քաղաքացիները մի կերպ պէտք է վճարեն ելեկտրաէներգիայի գինը», Լեւոն Զաքարեանը նշած է. «Այդ պատասխանի վիրաւորական պահը ուզում եմ դնել մի կողմ, պարզապէս ես ցաւ եմ ապրում, մեզ ղեկավարում են նման յայտարարութեամբ հանդէս եկող պաշտօնեաներ: Երուանդ Զախարեանը ամէն կերպ խուսափում էր պատասխանից՝ փորփրելով հեռախօսը: Երուանդ Զախարեանը պէտք է որ իր ասածից արդէն փոշմանած լինի: Նման արհամարհական պատասխան տալ քաղաքացուն, ով մօտեցել է քեզ, դա ցաւալի է: Ցինիզմը տիրում է»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.