Ատրպէյճանական բանակի 10 զինուորներ սպաննուած են սահմանային բախումներու ընթացքին


Յուլիսի 31-ի լոյս Օգոստոսի 1-ի գիշերը, հայ-ատրպէյճանական սահմանագիծին վրայ, առնուազն 10 ատրպէյճանցի զինուոր սպաննուած է: Այս մասին կը հաղորդեն ատրպէյճանական աղբիւրները:

Ատրպէյճանական «Ենի Մուսավաթ» թերթի տուեալներով` Տաւուշի սահմանակից Ղազախի շրջանին մէջ, ատրպէյճանական բանակը երկու սպայ կորսնցուցած է: Նոյն աղբիւրը կը նշէ, որ  սպաները սպաննուած են հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ գիշերը, իսկ առաւօտեան սպաներուն դիակները դագաղներու մէջ փոխադրուած են Ղազախ քաղաք:

Նշենք, որ նոյն բախումներու ընթացքին հայկական բանակը տուած է երկու զոհ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.