Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Իր Ֆիլմին Համար Թուրք Բեմադրիչը Մրցանակ Շահած Է
ՊՈԼԻՍ.- Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իր պատրաստած ֆիլմին համար, ծագումով թուրք բեմադրիչ եւ բեմագիր Ֆաթիհ Աքըն Համպուրկի փառատօնին արժանացած է «Տուկլաս Սիրք» մրցանակին: Թուրք բեմադրիչին «Հատում» (The Cut) ֆիլմը նաեւ պիտի ներկայացուի Վենետիկի շարժապատկերի փառատօնին. այս մասին տեղեկացուցած է «Ակօս» թերթը:
Համպուրկի շարժապատկերի փառատօնի ղեկավար Ալպերթ Վիետերշպիկել յայտնած է Ֆաթիհ Աքընի արժանացած պարգեւին մասին եւ նշած, որ Աքըն օրինակ կը հանդիսանայ թէ՛ Թուրքիա, թէ՛ Գերմանիա բնակող բեմադրիչներու ամբողջ սերունդի մը համար։
«Տուկլաս Սիրք» մրցանակը կը կրէ Համպուրկ ծնած բեմադրիչ Տուկլաս Սիրքի անունը: Անիկա կը շնորհուի մշակոյթի եւ ֆիլմարտադրութեան ոլորտին մէջ մեծ յաջողութիւններու հասած մարդկանց: Նախապէս այդ պարգեւին արժանացած են Թիլտա Սուինթընը, Քիմ Քի Տուքը, Անտրէաս Տրեսընը եւ Փեթեր Ռոմելը:
Մրցանակը Ֆաթիհ Աքընին պիտի յանձնուի Գերմանիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Հատում» ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութեան ընթացքին, յառաջիկայ Սեպտեմբեր 27ին: