Առաջին Անգամ Ըլլալով Պիտի Հրատարակուի Հայ Երաժշտութեան Հանրագիտարան


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը ձեռնարկած է «Հայ Երաժշտութեան Հանրագիտարան»ի պատրաստութեան եւ հրատարակութեան։ Այս մասին «Արմէնփրէս»ին յայտնած են Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն՝ աւելցնելով, որ հանրագիտարանի հրատարակութիւնը բացառիկ է անով, որ ցարդ գոյութիւն չունէր նման համապարփակ հրատարակութիւն:
Այս նպատակով եւ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի հրամանով ստեղծուած է յանձնաժողով, որուն մաս կը կազմեն վաստակաշատ երաժշտագէտներ, Հայկական հանրագիտարանի հրատարակչութեան, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ արուեստի հաստատութիւնը, Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը, Հայաստանի երգահաններու եւ երաժշտագէտներու միութեան, Հայաստանի երգչախմբային ընկերութեան ներկայացուցիչներ:
Յուլիս 26ին մշակոյթի նախարարութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յանձնաժողովի առաջին նիստը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ «Հայկական Հանրագիտարան»ի նախագիծը, որուն առնչութեամբ տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում, ներկայացուեցան առաջարկներ, որոնց լոյսին տակ ճշդուեցան հանրագիտարանի կառուցուածքի եւ նիւթի բառացանկի սկզբունքները, ինչպէս նաեւ ընթացիկ կազմակերպչական հարցեր:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.