Արցախը Անընդունելի Կը Նկատէ Մատրիտեան Սկզբունքները
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեանը «Առցանց հարցուպատասխան Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետի հետ» ձեւաչափով հարցազրոյցին ընթացքին՝ պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները համաձա՞յն են ազատագրուած տարածքները Ատրպէյճանին յանձնելու, բան մը, որուն մասին քանի մը տարիէ կը խօսին Հայաստանի իշխանութիւնները՝ յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները այդ 7 շրջանները կը նկատեն Արցախ, ուր կը կատարեն հեռանկարային ներդրումային ծրագիրներ:
Խօսելով Մատրիտեան սկզբունքներուն մասին՝ ան ըսած է, որ անընդունելի կը նկատէ զանոնք, եւ եթէ նոյնիսկ Լեռնային Ղարաբաղը կրկին մասնակցի բանակցութիւններուն, նման փաստաթուղթի քննարկումը դրական արձագանգ չի ստանար:
«Ի հարկէ, Մադրիդեան սկզբունքները մեզ համար անընդունելի են: Այն, ինչ մենք լսում ենք՝ լսել ենք թերթերից, լրատուութիւնից, յայտարարութիւններից, համանախագահող երկրների ներկայացուցիչների կողմից, եւ չեմ գտնում, որ եթէ Արցախը բանակցող կողմ լինի, այս հարցի շուրջ քննարկումներ կ՛իրականացնի, եւ երբ որ վերջում արդէն նման փաստաթուղթ պէտք է ներկայացուի Արցախին, Արցախի բնակչութեանը, իշխանութեանը, որեւէ դրական արձագանգ կարող է ստանալ», յայտնած է ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ միջազգային հանրութեան պատասխանը այն պարագային, եթէ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները յայտարարեն միաւորման մասին՝ Արա Յարութիւնեանը ըսած է, որ պիտի գտնուին երկիրներ, որոնք ժխտական պիտի արձագանգեն, ուրիշներ հաւանաբար անտարբեր մնան, իսկ ինք չի կարծեր, որ «Արցախի խնդրի կարգաւորման հարցում այդ քայլը կարող է վճռական դեր խաղալ»: Իսկ թէ ինչպէս կը պատկերացնէ Հայաստանի ու Արցախի միաւորման գործընթացը՝ ան յայտնած է, որ Հայաստանն ու Արցախը միաւորուած կը նկատէ, «սակայն Արցախը ինքնուրոյնութեան իր հնարաւորութիւններն ունի»:
«Որքանո՞վ է իրատեսական շրջանառուող այն լուրը, թէ Ռուսաստանը պատրաստւում է վերցնել Լաչինը՝ այնտեղ խաղաղապահ զօրքեր տեղակայելու նպատակով», հարցուցած է լրագրող մը, որուն Յարութիւնեան պատասխանած է. «Նման տեղեկութիւններ չկան, դա անթոյլատրելի եւ անհնարին եմ համարում»: