Հայկական Բանակը Կրնայ Կանխարգիլել Հակառակորդի Որեւէ Ոտնձգութիւն


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան տարբեր զօրամասերու մէջ իրենց սպայական ծառայութեան պատրաստուող զինուորականներուն զգօնութեան կոչ ուղղեց: Յուլիս 26ին, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրի տարածքին մէջ տեղի ունեցած ռազմական–ուսումնական հաստատութիւններու շրջանաւարտներու աւարտական հանդիսութեան ընթացքին նախարարը ըսաւ. «Այս յուշահամալիրը պէտք է զգօնութեան կանչի բոլորիս, ու առաջին հերթին՝ ձե՛զ, որ ոտք էք դնում սպայական ծառայութեան երկար ճանապարհ: Մեծ պարտաւորութիւն է դրուած ձեր ուսերին, դուք պէտք է պահպանէք ու զարգացնէք անցած երկու տասնամեակների ընթացքում ստեղծուած այն լաւագոյն աւանդոյթներն ու ձեռքբերումները, որոնցով այսօր առանձնանում է հայկական բանակը»: Անոր համաձայն՝ այդ բոլոր աշխատանքը հիմնուած պէտք է ըլլայ փոքր ուժերով մեծ խնդիրներ լուծելու մարտավարութեան, պատերազմ մղելու ունակութեան վրայ:
«Դա է 20 տարի առաջ կնքուած յաղթական զինադադարը պաշտպանելու եւ Արցախեան ազատամարտի տարիներին մեր սերնդի նուաճած բնագծերն ամրացնելու ճանապարհը», դիտել տուաւ Սէյրան Օհանեան: Նախարարին համաձայն՝ սպաները իրենց ստորաբաժանումներու ղեկավարումը պիտի ստանձնեն սահմաններուն վրայ տիրող անկայուն վիճակի, լարուածութեան նոր օճախներ ստեղծելու հակառակորդի անպտուղ փորձերու եւ հետազօտող խումբերու գործողութիւններու յաճախացման պայմաններուն մէջ:
«Հայկական բանակը երբեք ուրիշի հողին տիրելու նպատակ չի հետապնդել, բայց հաստատակամ է այսուհետ ոչ միայն վճռականօրէն կասեցնելու, այլեւ կանխարգելելու հակառակորդի ցանկացած ոտնձգութիւն եւ անառիկ պահելու մեր սահմանները: Ինչպէս այս գիշեր՝ երբ Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան սահմաններում եւ Արցախի Հանրապետութեան շփման գծում մի քանի ուղղութիւններով ձեռնարկուած դիւերսիոն հետախուզական գործողութիւնները, թէկուզ մեր զինծառայողի կեանքի գնով, կասեցուեց եւ հակառակորդը նահանջի դիմեց», շեշտեց Օհանեան:
Նախարարը երախտագիտութեան խօսք ուղղեց շրջանաւարտներուն ծնողներուն. ան վստահեցուց, որ հայոց բանակի երիտասարդ սպաներու ծառայողական, կենցաղային ու միւս բոլոր հիմնախնդիրները յատուկ ուշադրութեան պիտի արժանանան պետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան, պաշտպանութեան նախարարութեան ողջ հրամանատարութեան կողմէ: «Ցանկանում եմ մէջբերել Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի այն խօսքը, որ «երկիրն ամուր է այնքանով, որքանով նրա սպայակազմը»: Թոյլ տուէք ձեր անունից վստահեցնել մեր Գերագոյն գլխաւոր հրամանատարին, որ անվերապահ հետեւորդն են այս պատուիրանի», եզրափակեց Սէյրան Օհանեան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.