«Թարաֆ» Կը Հրապարակէ Ցեղասպանութենէն Փրկուած 50 Հայ Ընտանիքի Պատմութիւնը


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ, Թուրքիան զգալի քայլերու ձեռնարկած է: Արդարեւ, թրքական «Թարաֆ» թերթը յայտնած է, թէ այսօրուան իր թիւով պիտի հրապարակէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ թուրքերու կողմէ փրկուած 50 հայ ընտանիքներու պատմութիւնը:
Ըստ թերթի կայքին՝ հայերէնով, թրքերէնով եւ անգլերէնով հրապարակուած «Զիս Փրկողը Թուրք Է» խորագիրով գիրքին մէջ տեղ գտած են նշեալ հայ ընտանիքներու զոհերու ժառանգորդներուն հետ կատարուած հարցազրոյցներ եւ անոնց լուսանկարները:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.