Գանատացի նախարար Ճէյսըն Քէնի կը հանդիպի Արամ Ա. Վեհափառի հետ եւ կ՝այցելէ Նահատակաց յուշարձան
1314
0
Գանատայի Բազմամշակութային հարցերու եւ աշխատանքի նախարար Ճէյսըն Քէնի, Միջին Արեւելք կատարած իր այցելութեան ծիրին մէջ Յուլիս 28֊ին հանգրուանեց Լիբանան, ուր քաղաքական իր հանդիպումներու շարքին մէջ այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառին։ Նախարար Քէնի Արամ Վեհափառի հետ իր յարգանքի տուրքը մատուցեց Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն, այցելելով Պիքֆայայի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան։