Ստեփանակերտի օդակայանը զինուած է ժամանանակից բոլոր սարքաւորումներով


Ստեփանակերտի օդանակայանը իր տեսակին մէջ բացառիկ կառուցուածք ունի, որ շինարարարարական տեսանկիւնէ կը համապատասխանէ միջազգային բոլոր չափանիշներուն: Գլխաւոր աշտարակը արտաքին տեսքով կը նմանի թեւերը տարածած արծիւի: Օդակայանի ճարտարապետը Տիգրան Բարսեղեանն է:

՚Օդակայանին մէջ տեղադրուած են քաղաքացիական թռիչքներու համար անհրաժեշտ բոլոր ժամանանակից արդիական համակարգիչներն ու սարքաւորումները:

ԼՂՀ օդային դարպասը Ստեփանակերտէն 10 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ է: Ստեփանակերտի օդակայանը կառուցուած է 1974 թուականին: Արցախեան ազատամարտի սկիզբը ծառայած է ռազմական նպատակով։ 1992-ին դադրած է գործելէ։ 2008 սկսած է օդակայանի նոր մասնաշէնքի կառուցումը: Թռիչքուղիի երկարութիւնը 2 քիլոմեթր 300 մեթր է, լայնութիւնը՝ 20 մեթր։

 Artsakh Air  Օդանաւային ընկերութիւնը պիտի ստանձնէ Երեւան-Ստեփանակերտ թռիչքները դասաւորելու պարտականութիւնը եւ ըստ նախնական տուեալներու, ընկերութիւնը պիտի օգտագործէ գանատական Պոմպարտիէ օդանաւաշինութեան ընկերութեան 50 ճամբորդ ընդունող3 SRJ-200 ճամբորդական օդանաւեր։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.