«Սօս Մանկական Գիւղեր» Հիմնարկը Պիտի Աջակցի Հայաստան Բնակող Սուրիահայ Մանուկներուն


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան 21 Յուլիսին ընդունած է «Սօս մանկական գիւղեր» հայկական բարեսիրական հիմնարկի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Աշոտ Եսայեանը, հիմնադրամի ազգային տնօրէն Աշոտ Քոչարեանը եւ ծրագիրներու զարգացման տնօրէն Գրիգորի Յովհաննիսեանը:
«Սօս մանկական գիւղեր»ու պատասխանատուներուն հետ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան քննարկած է Հայաստանի մէջ բնակող եւ ընկերային հարցեր ունեցող սուրիահայ ընտանիքներու զաւակներուն աջակցութեան խնդիրները: Կողմերը պայմանաւորուած են սուրիահայ անապահով ընտանիքներուն նկատմամբ ցուցաբերել նիւթական (սնունդ, հագուստ) աջակցութիւն, տրամադրել գրենական պիտոյքներ, կատարել բնակարաններու վարձքերու փոխհատուցում, աջակցիլ մասնագիտական վերապատրաստման եւ աշխատանք գտնելու խնդիրի լուծման: Սուրիահայ ընտանիքներուն երեխաները հիմնադրամին աջակցութեամբ կարելիութիւն պիտի ունենան մասնակցելու արձակուրդային ծրագիրներու եւ ժամանցային նախաձեռնութիւններու: Նշեալ ընտանիքները նաեւ պիտի ստանան առողջապահական հարցերու լուծման վերաբերող օգնութիւն: Ծրագիրը նախատեսուած է սուրիահայ շուրջ 150 ընտանիքի համար՝ մէկ տարուան համար:
Բարեսիրական ծրագիրէն օգտուողները որոշելու նպատակով, «Սօս մանկական գիւղեր» հիմնադրամը եւ «Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոն» հասարակական կազմակերպութիւնը պիտի կատարեն սուրիահայ ընտանիքներու ընկերային վիճակի եւ կարիքներու գնահատում: Կարիքներու ուսումնասիրութենէ ետք իւրաքանչիւր ընտանիքի համար պիտի կազմուի ընտանիքի զարգացման ծրագիր:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.