21 Յուլիս 1922. «Արիւնարբու» դահճապետ Ճեմալ Փաշայի ահաբեկումը


92 տարի առաաջ, 21 Յուլիս 1922ին, խորհրդայնացման իր սկզբնական փուլին գտնուող Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ, օր-ցերեկով ահաբեկուեցաւ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուներէն Ճեմալ Փաշան։

Ճեմալ փաշայ կը հանդիսանար գլխաւոր ղեկավարներէն մէկը թուրք իթթիհատական կառավարութեան, որ պետականօրէն ծրագրեց եւ գործադրեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Ճեմալի ահաբեկումը թէեւ մաս կը կազմէր Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր Ժողովին կողմէ 1919ին հաստատուած թուրք ջարդարարներու պատժումի «Նեմեսիս» գործողութեան, բայց իր գործադրութեան վայրով եւ քաղաքական-կազմակերպական հանգամանքներով կþառանձնանար ու կը զատորոշուէր միւս գործողութիւններէն։
Մինչ Թալէաթ ու Սայիտ Հալիմ, Պեհաէտտին Շաքիր ու Ճեմալ Ազմի ահաբեկուեցան եւրոպական մեծ մայրաքաղաքներու փողոցներուն վրայ եւ «Նեմեսիս»ի իրականացման Հ.Յ.Դ. պատասխանատու յատուկ մարմնի անմիջական հսկողութեամբ ու կարգադրութիւններով, Ճեմալ փաշայի ահաբեկումը տեղի ունեցաւ պոլշեւիկեան յեղկոմներու ամէնէն մոլեգին տիրապետութեան օրերուն եւ ազգամիջեան հակասութիւններու հրահրման կարեւորագոյն կեդրոն Թիֆլիսի մէջ, ուր 1922 թուականին տակաւին կը գործէր, ընդյատակ անցած ըլլալով հանդերձ, Հ.Յ.Դ. Վրաստանի Կեդրոնական Կոմիտէն։
Ամբողջ տասնամեակներ, խորհրդահայ պատմաբաններն ու քարոզչամիջոցները երկաթեայ լռութիւն պահեցին Ճեմալ փաշայի ահաբեկման գործողութեան շուրջ։ Իսկ վերջին քսանամեակին, Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին, նկատելի է հետեւողական ճիգ մը՝ Ճեմալ փաշայի ահաբեկման պատմութիւնը մասնակիօրէն վերականգնելու եւ նորօրեայ կողմնակալ ոգիով վերարժեւորելու…
Այս առումով բարացուցական է «Նեմեսիս» խորագրին տակ «Ազգ» թերթի 23 Յունուար 2010ի համարով լոյս տեսած Վլադիմիր Պետրոսեանի յօդուածը, որ հակադաշնակցական ոգիով հետեւեալ բնոյթի խեղաթիւրման կþենթարկէ պատմութիւնը՝ զայն իբր թէ վերարժեւորելու «առաջադրանքով».-
«Ջեմալ փաշա ոչնչացուել է 1922 թ. Յուլիսի 25ին (?) օրը ցերեկով Թիֆլիսի կենտրոնական փողոցներից մէկում՝ Ստեփան Ծաղիկեանի եւ Պետրոս Պօղոսեանի կողմից, որոնց գործակցել է Զարեհ Մելիք-Շահնազարեանը: Ջեմալ փաշան Թուրքիայի դեսպանն էր (?) Աֆղանստանում: Նա Թիֆլիսի վրայով մեկնում էր Անկարա:
«Ջեմալի սպանութեան կապակցութեամբ շտապ Թիֆլիս կանչուեց Հայաստանի Չեկայի նախագահ Ամիրխանեանը: Սովետական անվտանգութեան մարմիններն այդ սպանութիւնը դիտեցին որպէս Թուրքիայի հետ յարաբերութիւնները բարդացնելու դաշնակցութեան կողմից ձեռնարկուած փորձ:
«Իրականում, այս սպանութիւնը կատարողներն ապրում էին Թիֆլիսում եւ Վրացեանի գլխաւորած փետրուարեան խռովութեան ժամանակ հեռացել էին (?) դաշնակցութիւնից եւ գործում էին Շահան Նաթալիի (?) ցուցումով»:
Հարցմանշանները մաս չեն կազմեր մէջբերուած հատուածին. աւելցուցած ենք, պարզապէս ընթերցողի ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու համար պատմական խեղաթիւրման այսօրինակ՝ նորօրեա՛յ ճիգերուն որոշ ուղղութիւններուն վրայ։
Հիմա որ վերստին ազատ ու անկախ է Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ազգային Արխիւը այլեւս ենթակայ չէ, պէտք չէ՛ ըլլայ գաղափարախօսական գրաքննութեան, մեր ժողովուրդը արդարօրէն կը սպասէ հայ պատմաբաններէն, որ լծուին ամբողջական ճշմարտութեան վերականգնումին ու անցեալի հանգուցային պահերուն անաչառ վերարժեւորումին։
Սպասուածը լրացումն ու պատմագիտական առարկայականութեամբ վերանայումն է 1918ի Անկախութեան Սերունդին թողած յուշագրական եւ պատմագրական ժառանգութեան։
Իսկ Ճեմալ փաշայի ահաբեկման վերաբերեալ հայ քաղաքական միտքը ունի վկայութիւնը Սիմոն Վրացեանի, որ «Մրրկածին Դրօն» անունով իր յուշագրութեան մէջ պատմութեան յանձնած է հետեւեալ վկայութիւնը.
«Հ.Յ. Դաշնակցութեան Վրաստանի Կենտր. Կոմիտէի նախաձեռնութեամբ, 1922 թ. Յուլիս 21ին, Թիֆլիսում, օրը ցերեկով, ահաբեկուեց Իթթիհատական եռապետութեան վերջին ողջ մնացած անդամ, բոլշեւիկների բարեկամ ու գործակից Ջէմալ փաշան։ Չեկան անհաշիւ բանտարկութիւններ արաւ, բայց չէր համարձակւում սուր միջոցների դիմել՝ վախենալով փոխադարձութիւնից։ Դրօն իրաւունք ստացաւ Մոսկուայից (ուր կ՛ապրէր աքսորեալի կարգավիճակով – Ն.) եւ շտապով մեկնեց Թիֆլիս, ուր բոլոր յայտնի դաշնակցականները ձերբակալուած էին։ Դրոյի հեղինակութիւնը թէ՛ դաշնակցական ընկերների եւ թէ բոլշեւիկների աչքին այնքան բարձր էր, որ նրան յաջողուեց երկու կողմի համար ընդունելի պայմաններով բանտից ազատ արձակել Կենտր. Կոմիտէի անդամներին եւ ձերբակալուածների մեծ մասին։ Այդ առթիւ Վրաստանի Կենտր. Կոմիտէի անդամները եւ Դրօն հրապարակեցին մի «դեկլարացիա», որով ճանաչում էին սովետական իշխանութիւնը եւ կոչ էին անում բոլոր դաշնակցականներին հետեւելու իրենց օրինակին։
«Արտասահմանում մեզ, որ անհաշտ պայքարի մէջ էինք սովետական բռնատիրութեան դէմ, որոշ էին այդ «դեկլարացիա»յի դրդապատճառները եւ իմաստը, բայց եւ այնպէս անթոյլատրելի էինք համարում Դրոյի եւ ընկերների ընթացքը։ Ես նոյնիսկ ստիպուած եղայ հրապարակով, մամուլի միջոցւվ, դատապարտել «դեկլարացիա»ն եւ զգուշացնել ընկերներին, որ չընկնեն բոլշեւիկեան ծուղակը։ Հետագային մենք իմացանք, որ «դեկլարացիա»ն մնացել է սոսկ թուղթի վրայ եւ ոչ մի հետեւանք չէր ունեցել, բացի այն, որ Չեկան փաստ էր ձեռք բերել արդարացնելու համար իր մեղմ վարմունքը դաշնակցականների նկատմամբ»։
Եզակի չէ, ոչ ալ իր տեսակին մէջ միակն է Վրացեանի վկայութիւնը։ 1920ականներէն սկսեալ մշակուած ամբողջ գրականութիւն մը կայ, յուշագրական թէ պատմագրական, ուր հայոց նորագոյն պատմութեան կարեւորագոյն պահերը լուսարձակի տակ առնուած են։ Այդ վկայութիւնները ամբողջացնելու եւ առարկայական արժեւորման ենթարկելու սպասումը ունինք, այսօր, վերանկախացեալ մեր երկրի պատմաբաններէն, ազգային մեր յիշողութիւնը վերականգնելու նուիրական գործին պաշտօնակոչուած հեղինակութիւններէն։
Տակաւին ամբողջացման կը սպասէ նաեւ ու նոյնինքն Ճեմալի ահաբեկման գործողութեան մանրամասն պատմութիւնը։ Վկայութիւնները կը յիշատակեն անունները Ստեփան Ծաղիկեանի, Արտաշէս Գէորգեանի, Պետրոս Տէր-Պօղոսեանի եւ Զարեհ Մելիք-Շահնազարեանի։
Ո՞վ եւ ինչպէ՞ս նախապատրաստեց, սակայն, գործողութիւնը եւ արխիւները ի՞նչ լրացուցիչ տեղեկութիւններ կը պարունակեն ահաբեկիչներու քայլերուն մասին։
Յուլիս 21ին լուսարձակի տակ առնելով Ճեմալ փաշայի ահաբեկման տարելիցը՝ միանգամայն առիթն է շեշտելու պատմական ճշմարտութիւնը լրիւ յայտնաբերելու սպասումն ու պահանջը։
Թէեւ Ստեփան Ծաղիկեանի անձին եւ գործին մասին կան ժամանակակիցներու վկայութիւններ, բայց անոր գործակիցներուն վերաբերեալ ընդհանրապէս ժլատ են տեղեկութիւննսերը եւ ազգային մեր պարտքն է շօշափելի դարձնել կերպարն ու կենսագրութիւնը այն հերոսներուն, որոնք օրհնաբեր օր մը, Թիֆլիսի կեդրոնական փողոցներէն մէկուն վրայ, պոլշեւիկեան բռնատիրութեան ամէնէն բուռն պայմաններուն տակ, արդարագոյն դատ-դատաստանի ենթարկեցին թուրք ջարդարարներու առաջնային դէմքերէն Ահմէտ Ճեմալը, «արիւնարբու» տխրահռչակ մակդիրին արժանացած Ճեմալ փաշան։

Ն.


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.