Յարձակում` Թիֆլիսի Հայկական Եկեղեցւոյ Վրայ
կիրակի, 20 յուլիսին, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմի տարածած հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացուի, որ շաբաթ, 19 յուլիսին Թիֆլիսի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ քահանայից դասին, թեմի պաշտօնէութեան եւ հաւատացեալներուն վրայ ծրագրուած յարձակում մը կատարուած է խումբ մը մարդոց կողմէ:
Ըստ հաղորդագրութեան, շաբաթ կէսօրին եկեղեցւոյ կից գտնուող ինքնաշարժներու կառատունի մը մէջ վիճաբանութիւն կը ծագի վրացի կնոջ ու անոր ծանօթներուն եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ու թեմի պաշտօնեաներուն միջեւ: Երեկոյեան, «նոյն խումբը հաւաքելով մօտ 50 հոգի, յարձակած են Մանուկ քհնյ. Զէյնալեանի, թեմի իրաւական հարցերով եւ համագործակցութեան բաժինի տնօրէն Լեւոն Իսախանեանի եւ Ռոպերթ Իսախանեանի վրայ: Յարձակողները իրենց հետ տարած են հոգեւորականներէն մէկուն լանջախաչը», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
«Ականատեսները կը պատմեն, թէ եկեղեցւոյ վրայ յարձակողները ինչպիսի ազգային ատելութեամբ լեցուած եղած են հայութեան նկատմամբ: Անոնցմէ ոմանք եղած են ոգելից ըմպելիներու եւ թմրեցուցիչի ազդեցութեան տակ:
Այս ամէնը Վրաստանի բազմաթիւ եկեղեցիներուն մէջ, նաեւ լրատուութեամբ, կենցաղային մակարդակով հայ եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս հայութեան նկատմամբ սերմանուող ատելութեան արդիւնքն է», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: