Ըմբշամարտ. Պատանիներու Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Հայկ Մելիքեան Բաւարարուեցաւ 5-րդ Դիրքով
Սլովաքիոյ Սնինա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի պատանիներու ախոյեանութեան 2-րդ օրը տեղի ունեցան 42, 46, 69, 76 եւ 85 քկ դասակարգի մրցումները:
Գագիկ Խաչատրեանի ղեկավարութեամբ ելոյթ ունեցող Հայաստանի պատանիներու հաւաքականը այս հինգ դասակարգերուն մէջ միայն երեքին` 42, 46 եւ 69, ներկայացուցիչներ ունէր:
ArmSport.am կ՛աւելցնէ, որ 42 քկ դասակարգին մէջ Հայկ Մելիքեան, որ առիթը ունէր պրոնզ մետալի մը տիրանալու, չկրցաւ գերազանցել իր իրանցի մրցակիցը եւ բաւարարուեցաւ 5-րդ դիրքով, այնպէս` ինչպէս Եւրոպայի ախոյեանութեան ընթացքին:
46 քկ դասակարգին մէջ, Եւրոպայի ախոյեան Յարութիւն Վարդանեան չարդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը: Նոյնը պատահեցաւ նաեւ Գագիկ Պապիկեանի հետ (69 քկ):
Նշենք, սակայն, որ ախոյեանութեան առաջին օրը հայրենի 5 պատուիրակներէն երկուքը տիրացան մետալներու:
54 քկ դասակարգին մէջ, Էտկար Թամազեան տիրացաւ արծաթ մետալին, մինչ Արման Պաղտասարեան Հայաստանի ապահովեց պրոնզ մետալ մը (63 քկ):
Մալխաս Ամոյեան (58 քկ) գրաւեց 5-րդ դիրքը, մինչ Վահէ Սարգսեան (50 քկ) բաւարարուեցաւ 7-րդ դիրքով:
Նշենք, որ 19 յուլիսին մետալներու համար պայքարի մէջ կը մտնեն ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի պատանիներու ախոյեանութեան մասնակիցները: Առաջին օրը տեղի պիտի ունենան 42, 50, 58, 69 եւ 85 քկ դասակարգի մրցումները: