Քեսապի Մէջ Վիճակը Բարելաւուած Է, Սակայն Տակաւին Շատ Ընելիք Կայ
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Քեսապի մէջ կեանքը աստիճանաբար կը բարելաւուի, ենթակառուցուածքները աւելի լաւ կը գործեն, սակայն տակաւին երկար ուղի ունինք մեր դիմաց։
«Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է քեսապահայ Կարօ Մանճիկեան՝ աւելցնելով, որ Քեսապին տրամադրուած օժանդակութիւնները հերթականութեամբ կը բաժնուին շրջանի բնակիչներուն։
Անոր համաձայն՝ արդէն 2 անգամ դրամական օժանդակութիւններ բաժնուած են քեսապցիներուն, իսկ Սուրիոյ Կարմիր մահիկ կազմակերպութիւնը տարբեր տեսակի մթերքներ բաժնած է բնակիչներուն: «Տրամադրուած գումարներով գնած են ջուրի ամբարներ, որոնք գողցուած էին, նաեւ գնուած են բոյսերը դեղելու մղիչ սարքեր, զորս բնակիչները իրարու միջեւ կը փոխանակեն», նշած է Մանճիկեան՝ աւելցնելով, որ սուրիական իշխանութիւնները մինչեւ ձմեռ բոյսերը դեղելու համար նախատեսուած քարշակներ տրամադրած են:
Կարօ Մանճիկեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ մօտիկ ապագային պիտի տրամադրուին նաեւ միւս օժանդակութիւնները: