Թուրքիոյ Փոքրամասնութիւններուն 2 Միլիառ Տոլարի Կալուա՞ծ Վերադարձուած Է


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան վերջերս ըսած էր, որ փոքրամասնական հիմնարկներուն վերադարձուած կալուածներուն արժէքը 2 միլիառ տոլարը անցաւ։ Սակայն կը հաղորդուի, որ ո՛չ Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը, ո՛չ ալ փոքրամասնական վագըֆները այսպիսի գումարի մը մասին տեղեկութիւն ունին։
Վարչապետին յիշեալ յայտարարութեան առնչութեամբ կարծիք յայտնած է փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ Լաքի Վինկաս՝ ըսելով, որ վերադարձուած կալուածներու արժէքին մասին թիւերով կարելի չէ խօսիլ, որովհետեւ այս մասին տուեալներ գոյութիւն չունին։ «Ճիշդ է որ բաւական կարեւոր կալուածներ վերադարձուեցան, բայց անոնք անխնամ վիճակի մէջ են եւ արժեւորման կը կարօտին», աւելցուցած է ան։ «Փոքրամասնութիւնները մինչեւ այսօր դիմում կատարած են 1500 կալուածներու համար, որոնցմէ միայն 20-25 տոկոսը վերադարձուեցաւ։ Գործընթացին կէսը ամբողջացած է, բայց մնացեալները ժամ առաջ պէտք է վերադարձուին, որովհետեւ փոքրամասնական այս հիմնարկները միայն իրենց կալուածներուն շնորհիւ կրնան գոյատեւել ու պահել իրենց մշակոյթները, թերթերը, դպրոցները, հիւանդանոցները։ Այս կերպով է որ արդարութիւն պիտի կատարուի հարիւր տարիէ ի վեր անարդարութեան ենթարկուած այս ժողովուրդներուն ու անոնք պիտի կարենան ապրիլ աւելի բարօր կեանք մը։ Երանի 2 միլիառ տոլարէն ալ աւելի՛ ըլլար», ըսած է Վինկաս։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.