Թուրքիոյ մէջ լոյս պիտի տեսնէ համշէնահայերէնով առաջին ամսագիրը


Խումբ համշէնահայեր, Համշէնի լեզուն և մշակոյթը տարածելու և ապագայ սերունդներուն փոխանցելու նպատակով կը պատրաստուին տպագրել համշէնահայէրենով առաջին ամսագիրը Թուրքիոյ մէջ:

Պարբերականը պիտի կրէ «Գոր» (համշէնահայերէնով` կամաւոր աշխատանք) անունը: Խումբը սոյն ամսագրի հրատարակման աջակցելու կոչ  ըրած է բոլոր համշէնցիներուն` հանդէս գալով «Գիրի գոր ունիք, դուք ալ թև ձգեցէք» (համշենահայերէն` «Գիրի մեր կամաւոր աշխատանքին դուք էլ մասնակցեցէք») կարգախօսով: Այս մասին հաղորդում է Akunq.net-ը` վկայակոչելով թրքական «Տիջլէ» լրատուական գործակալութիւնը և «Էվրենսել» օրաթերթը:

 Համշէնցի ուսումնասիրողներէ, գրողներէ, լրագրողներէ, երաժիշտներէ և ուսանողներէ բաղկացած վերոնշեալ խումբը կը փափաքի «Գոր» ամսագրի առաջին թիւը հրատարակել Սեպտեմբերին: Ամսագրի 90 տոկոսը բաղկացած պիտի ՚ըլլայ Համշէնի եւ համշէնահայութեան պատմութեան եւ մշակոյթին մասին նիւթերէ: Այս նախաձեռնութիւնը աննախընթաց երեւոյթ է Թուրքիոյ մէջ, ուր անցնող տասնամեակներուն փոքրամասնութիւններու մշակութային ազատութիւններու հանդէպ հետեւողական կաշկանդում գործադրուած է:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.