«Gmail»ը Կը Հաղորդակցի Նաեւ Հայերէնով
1174
0
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Google» ընկերութիւնը 13 լեզուներ աւելցուցած է իր համացանցային նամակագրութեան՝ «Gmail» ծառայութեան, որ աշխարհի տարածքին համացանցային նամակագրութեան գլխաւոր միջոցը կը հանդիսանայ։ Այս որոշումով՝ «Gmail»ի միջոցաւ կարելի պիտի ըլլայ հաղորդակցիլ 71 լեզուներով, ներառեալ՝ հայերէնով:
Ըստ «PCWorld» կայքին՝ «Google» համագործակցած է խումբ մը լեզուաբաններու հետ, որպէսզի լեզուները ճշգրտօրէն օգտագործուին։
Աւելցուած լեզուներուն մէջ կան նաեւ վրացերէնը եւ ատրպէյճաներէնը։