Վարչապետը Խոստացած Է Կառավարութեան Ուշադրութիւնը Կեդրոնացնել Սահմանամերձ Շրջաններուն Վրայ
ԵՐԵՒԱՆ, «ԱրմինիաՆաու».- Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան կառավարութեան խումբ մը անդամներու ընկերակցութեամբ, 5 Յուլիսին այցելած է երկրի հիւսիսարեւելեան Տաւուշի մարզի Ատրպէյճանի հետ լարուած սահմանին վրայ գտնուող քանի մը գիւղեր, որոնք մնայուն կերպով թիրախ կը դառնան ռմբակոծումներու։
Վազաշէն, Մովսէս եւ Վերին Կարմիրաղբիւր շրջաններուն մէջ կառավարութեան ղեկավարը նախ ծանօթացած է սահմանամերձ գօտիին մէջ գտնուող Վազաշէն-Պառաւաքար այլընտրանքային մայրուղիի կառուցման աշխատանքներու ընթացքին:
Գոյութիւն ունեցող ճամբան՝ անվտանգութեան նկատառումներով, փակ է նախորդ տարուան Հոկտեմբերէն, երբ ատրպէյճանական ուժերը կրակ բացած էին այդ ուղիով ընթացող ռազմական ինքնաշարժներուն վրայ՝ զոհեր եւ վիրաւորներ պատճառելով։ Այս ճամբան թիրախ է արձակազէններու։
Վարչապետին ներկայացուած է հոն կատարուող աշխատանքները:
Յովիկ Աբրահամեան յանձնարարած է այդ ճամբան օգտագործման համար պատրաստ ընել մինչեւ Օգոստոսի աւարտը։
Մովսէս գիւղին մէջ բնակիչներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին կառավարութեան ղեկավարը զանոնք «սահմանապահներ» կոչած է եւ վստահեցուցած, որ Հայաստանի կառավարութիւնը բոլոր հարցերու պարագային իրենց կողքին պիտի ըլլայ: «Դուք գիտէք՝ թշնամին ամէն ինչ անում է, որպէսզի մեր սահմանամերձ գիւղերը դատարկուեն, ժողովուրդը ստիպուած լքի գիւղը. դա է իրենց ծրագիրը: Մենք ամէն ինչ պէտք է անենք, աջակցենք ձեզ, որպէսզի կարողանաք դիմակայել», հաստատած է Աբրահամեան։
Վարչապետը նաեւ բնակիչներուն հետ քննարկած է շարք մը խնդիրներ՝ խոստանալով կառավարութեան ուշադրութիւնը մնայուն կերպով սեւեռած պահել սահմանապահ բոլոր գիւղերուն վրայ:
«Պէտք է նաեւ այնպիսի ծրագրեր իրագործենք, որոնք կը ստեղծեն աշխատատեղեր, որպէսզի երիտասարդները չլքեն համայնքը», ըսած է Աբրահամեան։