Արցախի Մէջ Պետական Մակարդակով Հաստատուած Է Ծննդաբերութեան Օգնութիւնը

\n \n

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».– Ստեփանակերտի Հանրապետական հիւանդանոցին մէջ կայացած է «Ծննդօգնութեան պետական հաւաստագրի ներդրումը Լեռնային Ղարաբաղում» նիւթով ժողով, որուն ներկայ եղած է Լեռնային Ղարաբաղի առողջապահութեան նախարար Յարութիւն Քուշկեանը, Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոնի տնօրէն Վադիմ Օսիպովը, բժիշկներ եւ բուժքոյրեր:
\n Բացման խօսքը արտասանած է առողջապահութեան նախարարութեան բժշկական օգնութեան կազմակերպման աշխատանքներու պատասխանատու Կարինէ Ալեքսանեան, որ նշած է, թէ ծնունդի համար տրամադրուելիք օգնութեան պետական հաւաստագիրի ներդրումը կը հաստատէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ յղիութեան ընթացքին եւ ծննդաբերութեան առնչուած բժշկական օգնութիւնն ու սպասարկումը կը կատարուի անվճար՝ պետութեան կողմէ երաշխաւորուած առողջապահական պետական նպատակային ծրագիրներու ծիրին մէջ:
\n «Ծննդօգնութեան պետական հաւաստագիր»ը կնոջ համար պետութեան կողմէ երաշխաւորուած, անվճար մանկաբարձական օգնութեան իրաւունքը հաստատող փաստաթուղթ է, որ կը տրուի Լեռնային Ղարաբաղի օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգով՝ անվճար բշժկական օգնութեան իրաւունք ունեցող յղի կիներուն:
\n «Ծննդօգնութեան պետական հաւաստագիրը լրացւում եւ տրւում է յղիներին այն բուժհաստատութիւնների կողմից, որտեղ նա հաշուառուած է յղիութեան 22 շաբաթական եւ աւելի ժամկէտների ընթացքում: Հաւաստագիրը հանդիսանում է ծննդաբերութեան կապակցութեամբ բուժհաստատութեան կողմից մատուցուած բժշկական ծառայութիւնների դիմաց պետութեան կողմից ֆինանսական փոխհատուցման հիմք», յայտնած է Կ. Ալեքսանեան:
\n Այնուհետեւ Վադիմ Օսիպով ներկայացուցած է Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոնի կատարուած աշխատանքներու 2006-2013 թուականներու հաշուետուութիւնը:
\n Հաշուետուութեան համաձայն՝ 2012 թուականին հետ բաղդատելով նախորդ տարի ծննդաբերութիւններու, մանկական մահացութիւններու եւ յղութեան արհեստական ընդհատումներու թիւի նուազում արձանագրուած է։
\n Ամփոփիչ խօսքին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի առողջապահութեան նախարար Յարութիւն Քուշկեան կարեւոր նկատած է «Ծննդօգնութեան պետական հաւաստագրի» ներդրումը Արցախի մէջ՝ ընդգծելով այդ աջակցութեան բարոյական եւ հոգեբանական նշանակութիւնը:
\n «Սա եւս մի փաստ է, որպէսզի մեր ազգաբնակչութեան մէջ ամրապնդուի՝ մեր կողմից մշտապէս ուշադրութեան կենտրոնում գտնուելու հանգամանքը: Մենք պատասխանատու ենք մեր յղի կանանց եւ երեխաների համար», դիտել տուած է Յ. Քուշկեան՝ աւելցնելով, որ այսուհետեւ իւրաքանչիւր ծննդաբերող մայր պիտի ստանայ փոքրիկ նուէր:

\n \n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.