Ատրպէյճան 1000 Հրթիռարձակ Գնած Է Վերջին 12 Տարիներուն


ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- ՄԱԿի տուեալներուն համաձայն՝ Ատրպէյճան վերջին 12 տարիներուն (2002-2013) ընթացքին մօտաւորապէս 1000 հրթիռարձակ գնած է. անոնց մէկ մասին հասողութիւնը 150 քլմ. է։
Հրթիռարձակներու մեծ մասը գնուած է Ռուսիայէն. անոնցմէ 454ը արդէն իսկ յանձնուած է Ատրպէյճանի բանակին։
Ատրպէյճան նաեւ Ուքրանիայէն գնած է տարբեր տեսակի 294 հրթիռարձակներ, իսկ Պելոռուսէն՝ 132։ Հրթիռարձակներ գնուած են նաեւ Թուրքիայէն, Իսրայէլէն, Պուլկարիայէն եւ Պոսնիայէն։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.